ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- ՀԲԸՄի Փասատինա-Կլէնտէյլ մասնաճիւղը կազմակերպած է յայտնի լուսանկարիչ Հէրի Գունտագճեանի լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄի Փասատինայի «Ալեքս Մանուկեան» կեդրոնին մէջ (2495 E. Mountain Street):
«Էյ.Փի.» լրատու գործակալութեան մրցանակակիր լուսանկարիչ Հէրի Գունտագճեան ներկայ պիտի ըլլայ ու ելոյթ պիտի ունենայ ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 11ին, երեկոյեան ժամը 8ին: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Կիրակի, Սեպտեմբեր 13:
Իր արհեստավարժ ասպարէզը 1952ին սկսած Գունտագճեան, աշխատած է Լիբանանի ֆրանսական ու արաբական թերթերու, ինչպէս նաեւ ֆրանսական, անգլիական ու ամերիկեան թերթերու համար: 1967ին ան միացաւ «Էյ.Փի.» լրատու գործակալութեան ու երկու տարի ետք նշանակուեցաւ անոր Միջին Արեւելքի լուսանկարչական բաժանմունքի պատասխանատուն: 1979ին ան Պէյրութէն Նիւ Եորք հաստատուեցաւ՝ դառնալով լրատուական գործակալութեան միջազգային լուսանկարներու բաժանմունքի խմբագիր: Հակառակ հանգստեան կոչուած ըլլալուն, ան կը շարունակէ աշխատակցիլ Պէյրութի «Ազդակ»ին ու «Անուար» թերթերուն: Ցուցահանդէսին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (626) 794-7942 թիւին: