ԿԱՐԻՆԱ ԻՈՖՖԻ («Էսոշիէյդտ Փրէս»ի լրագրող)
Սրեդնիաիա Ախտուբա (Ռուսիա)
Ափրիկեծին հողագործ մը անօրինակ փորձը կ՛ընէ կառավարական պաշտօնի մը իր թեկնածութիւնը դնելու, ներշնչուած՝ նախագահ Պարաք Օպամայէն եւ առանց վհատելու տասնամեակներ ի վեր քիչ փոխուած ցեղային վերաբերմունքէն:
Ճոաքիմ Գրիմա, 37ամեայ բնիկ Կինէ Պիսոցի մը, որ հարաւային Ռուսիա հաստատուած է տեղական համալսարանէ մը վկայուելէ ետք, կը խոստանայ պայքարիլ փտախտի դէմ եւ տնտեսական զարգացում բերել Վոլգայի ափին գտնուող իր մարզին:
Սեւամորթի մը թեկնածութիւնը այնքան տարօրինակ է Ռուսիոյ մէջ, որ Գրիման «Ռուսիոյ Օպաման» կը կոչեն:
«Օպաման կը սիրեմ իբրեւ անձ եւ քաղաքական դէմք, որովհետեւ աշխարհին փաստեց ինչ որ ամէն ոք անկարելի կը կարծէր: Կարծեմ իրմէ բան մը կրնամ սորուիլ», կ՛ըսէ Գրիմա, նստած 11,000 բնակիչ ունեցող աւանին մէջ իր ստուերոտ պատշգամին, ուր կը բնակի կնոջ՝ Անահիտին, իրենց 10ամեայ տղուն եւ բնիկ հայ ընդարձակ գերդաստանի մը պատկանող ազգականներու հետ:
Իրականութեան մէջ, հոկտեմբերին Սրեդնիաիա Ախտուբայի մարզպետ ընտրուելու Գրիմայի ձգտումը շատ անհաւանական է, յատկապէս, որ ատիկայ իրականացնելու համար պահանջուած քաղաքական դրամագլուխն ու կապերը չունի: Կը դիմագրաւէ իրողութիւնը սեւամորթ ըլլալու Ռուսիոյ մէջ. երկիր մը, ուր ցեղամոլութիւնն ու ցեղային կարծրատիպերը խորապէս արմատացած են:
«Յաճախ կծու խօսքերու կ՛արժանանան մետրոյին մէջ եւ շուկան», կ՛ըսէ Լիդիա Տրոնկէյլ, ափրիկեցի գաղթականներու հետ աշխատող բարեսիրական կազմակերպութիւն՝ Մոսկուայի Բողոքական տաներէցութենէն:
Գրիման իր համաքաղաքացիներուն հետ հաշտ կ՛ապրի, բայց ապահով ըլլալու համար գրեթէ ամէն տեղ իր թիկնեղ աներձագը կ՛ընկերանայ իրեն:
Անցեալ Դեկտեմբերին, փոխայցելու սեւամորթ ամերիկացի ուսանող մը դաշունահարուած եւ լրջօրէն վիրաւորուած էր ամենամօտ մեծ քաղաք Վոլգոգրադի մէջ, ենթադրաբար ցեղամոլ մղումով յարձակումի մը ընթացքին:
Գրիմա, որ Ռուսիա եկած է 1989ին եւ վկայուած է Վոլգոգրադի պետական մանկավարժական համալսարանէն, կը հաւատայ, որ ունի կարողութիւնը հարցերը լուծելու իր մարզին մէջ, ուր կարգ մը բնակիչներ տակաւին խմելու ջուր չունին եւ դուրսի արտաքնոց կը գործածեն: Անսալարկ փողոցներ, ուր այծեր կ՛արածին, անձրեւէ ետք ցեխի կը վերածուին:
Մօտ 55,000 մարդ կը բնակի մարզի գիւղերուն եւ աւաններուն մէջ:
«Ներկայի մարզպետը 10 տարի է իշխանութեան վրայ է եւ ոչինչ ըրած է այստեղի ժողովուրդին համար», կ՛ըսէ Գրիմա: «Կան երիտասարդ ընտանիքներ, որոնք բնակութեան պէտք ունին, պատեհութիւններու պէտք ունին: Այս քաղաքը եւ Ռուսիան պատրաստ են փոփոխութեան»:
Գրիմա փափաքած էր Սովետական միութիւն գալ, որովհետեւ ան օգնած էր արեւմտեան Ափրիկէի իր հայրենիքին, երբ անկախութիւն նուաճած էր 1974ին: Ինք Ռուսիան «մեծ ուժ» մը կը համարէ եւ կը հիանայ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի վրայ: Տեղացի կնոջ մը հետ ամուսնացած, սահուն ռուսերէն խօսիլ սորված ու քաղաքացիութիւն ձեռք բերած է:
50 արտավար (20 հեքթար) հող կը մշակէ՝ աճեցնելով ձմերուկ եւ այլ սեխեր, զորս ինքն ու կինը աւանի մայր ճամբուն վրայ կը ծախեն: Մօտ 20 հոգի կ՛աշխատցնէ իբրեւ օգնական:
Սակայն Գրիմայի շատ մը դրացիներուն համար անիկա չի բաւեր:
«Մեր բոլոր հարցերը զգացած չէ եւ մեր հետ չէ մեծցած. կոլխոզնիկ չէ», կ՛ըսէ գիւղարտադրանք ծախող Վլատիմիր Կաչենկօ՝ հաւաքական ագարակներու մէջ աշխատողներուն տրուող բնորոշումը գործածելով. «Եթէ տուն մը կառուցելու համար օգնութեան պէտք ունենամ, չի կրնար օգնել որ պահանջուած արտօնագիրները ձեռք բերեմ, որովհետեւ ինք այդ փորձառութիւնը չէ ունեցած»:
Բայցեւայնպէս, աւանին մէջ շատեր կը հիանան անոր յանդգնութեան: Երբ մաքուր շապիկով ու փողկապով փողոցէն անցնի, մարդիկ ձեռքը կը թօթուեն եւ կը շնորհաւորեն զինք թեկնածութեան որոշումին համար:
«Իր քաղ-ծրագիրը չեմ լսած, բայց դուրեկան մէկն է», կ՛ըսէ 27 տարու Դենիս Դումա աւելցնելով. «Իրեն համար կուսակցական պատկանելիութիւնս կը փոխեմ»:
Սակայն մեկուսի, կարգ մը անձինք կը ծիծաղին իրենց՝ Գրիմայի միամտութիւնը սեպածին վրայ: Իր անունը տալ չուզող հանրախանութի վաճառողուհի մը կ՛ըսէ, թէ անոր պիտի չքուէարկէ, որովհետեւ չ՛ուզեր «ափրիկէի մէջ ապրիլ»: Ուրիշ մը կ՛ըսէ, թէ սեւամորթի մը չէր տար իր քուէն:
Այս տեսակի խիստ ցեղամոլ կեցուածքները համատարած են Ռուսիոյ մէջ: Ինք՝ Գրիմա, բարձրացուցած էր ցուցատախտակ մը, ուր կը կարդացուէր. «Նեգրի մը նման պիտի աշխատիմ», դարձուածք մը, զոր ռուսերը կը գործածեն՝ «ծանր պիտի աշխատիմ» իմաստով:
Ցուցատախտակները միայն քանի մը օր մնացին, նախքան որ փոխարինուին Քրեմլինամէտ գլխաւոր կուսակցութեան թեկնածու՝ նախկին ուսուցիչ Եուրի Խրուստովի ազդերով:
Անոր թեկնածութիւնը սովորական մարտավարութիւն է Ռուսիոյ մէջ, բողոքի քուէները հաւաքելու եւ թոյլ տալու, որ մարդիկ իրենց գանգատին ելք տան, առանց վտանգ սպառնալու կառավարութեան նախընտրելի թեկնածուին, կ՛ըսէ Աննա Ստեպովնա՝ վոլգոգրադեան օրաթերթ «Դոլովոյէ Պովոլժիէ»ի խմբագիրը:
Գրիմայի ընտրական կազմակերպիչը, Վլատիմիր Կրիցկի, կ՛ընդունի, որ իր պաշտպանեալին յաղթանակը գրեթէ անկարելիութեան մօտ է, բայց կ՛ըսէ, թէ Քրեմլին Գրիմային աթոռ մը խոստացած է մարզային խորհուրդին մէջ 2011ին:
«Շրջանին համար շատ լաւ բաներ պիտի կարենայ ընել», կ՛ըսէ Կրիցկի, 33ամեայ յատուկ գործողութիւններու նախկին հրամանատար մը: «Շատ խելացի մէկն է, հինգ լեզու կը խօսի… Ասիկայ փորձ մըն է, որուն օգնելով հետաքրքրուած պիտի ըլլայ Քրեմլինը»:
Խորունկ դժգոհութիւն կայ Սրեդնիաիա Ախտուբայի ներկայ մարզպետին նկատմամբ, որ, ըստ տեղացիներուն, բաւական հող ծախած է դրսեցիներու, մինչ ընդարձակ առանձնատուն մը եւ օդանաւ մը կը գնէր ինքնիրեն համար: Պաշտօնավարող անձը վերընտրութեան թեկնածութիւն չէ դրած:
Հակառակ անոր, Սրեդնիաիա Ախտուբայի մէջ շատեր իմաստ չեն տեսներ քուէարկելու ընտրութիւններու մէջ, որոնք նախորոշուած են, ըստ իրենց:
«Յոյսս կտրած եմ մեր համակարգէն եւ ժողովուրդէն», կ՛ըսէ 64ամեայ Տայսիա Կիրիլովա՝ աւելցնելով. «Կրնայ ըլլալ, որ բաներ մը փոխել ուզէ, բայց առանձինն ոչինչ կրնայ իրագործել»:
Գրիմա ուսերը կը թօթուէ քուէարկողներու յոռետեսութեան դիմաց:
«Եթէ տեղացի բնակիչները փոփոխութիւն կ՛ուզեն, պէտք է ատոր օգտին քուէարկեն», կ՛ըսէ ան՝ աւելցնելով. «Յետոյ, ես կը սիրեմ մարդիկը զարմացնել»:
Թարգմանեց՝ Երուանդ Գոչունեան