ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիա ծնած հայազգի յայտնի արուեստագէտ Սարգիս Զապունեան, որ առաւել յայտնի է պարզապէս իբրեւ՝ Սարգիս, Սեպտեմբեր 10ին բացումը պիտի կատարէ իր ցուցահանդէսին, Պոլսոյ Ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ:
Սարգիսին ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ Յունուար 10, 2010: Թրքական մամուլին հաղորդումով, այդ ցուցահանդէսը պիտի ըլլայ ամէնէն բազմակողմանի ցուցահանդէսներէն մէկը, որ մինչեւ այսօր ներկայացուած է Պոլսոյ մէջ:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին Սարգիսի 50ամեայ գործունէութեան բոլոր ճիւղերու աշխատանքները:
Նշենք, որ Սարգիս ծնած է Պոլիս, 1938ին. աւարտած է Միմար Սինան համալսարանը, իսկ 1964էն ի վեր ան կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ Փարիզի մէջ: 1967ին, հայազգի արուեստագէտը ստացած է «Prix de la Peinture a la Biennale de Paris»ի գլխաւոր մրցանակը, իսկ 1991ին յաղթող հանդիսացած է «Grand Prix National de Sculpture» մրցանակաբաշխութեան ընթացքին:
Նշենք,
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.