ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- Հայաստանի ճիւտոյի դաշնութեան նախագահ Ալեքսան Աւետիսեանի համաձայն, Երեւանի մէջ յառաջիկայ Սեպտեմբերին կայանալիք ճիւտոյի Եւրոպայի առաջնութեան մասնակցելու նպատակով, դիմում ներկայացուցած է նաեւ Ատրպէյճանը։ Դիմումի ցուցակին մէջ նշուած է 14 անուն։
Եթէ ատրպէյճանցի ճիւտոյի մարզիկները Սեպտեմբերին Երեւան ժամանեն, ապա ասիկա Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք առաջին անգամը պիտի ըլլայ, որ հարեւան երկրի մարզիկներ Հայաստան կու գան մասնակցելու միջազգային մրցումի մը: