ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ծանրամարտի դաշնութեան նախագահ, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Սամուէլ Խաչատրեանի Օգոստոս 14ին փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, մինչեւ 20 եւ 23 տարեկան ծանրորդներու 2011 թուականի Եւրոպայի առաջնութիւնները տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ: Որոշումը, ըստ փոխնախարարին, ընդունուած է Եւրոպայի ծանրամարտի դաշնութեան (Ֆետերասիա) կողմէ, Օգոստոս 13ին:
Նշենք, որ Թուրքիոյ ծանրամարտի դաշնութեան նախագահը քուէարկած Է յօգուտ Հայաստանի, իսկ Ատրպէյճանի ծանրամարտի դաշնութեան նախագահը մնացած է ձեռնպահ:
Միեւնոյն ժամանակ, Ծանրամարտի միջազգային դաշնութեան նախագահ՝ հունգարացի Թամաշ Այան, նամակով դիմած է Հայաստանի ծանրամարտի դաշնութեան՝ առաջարկելով Երեւանի մէջ, ըստ ՀՀ դաշնութեան հայեցողութեան, իրականացնել 2011-2013 թուականներու ծանրամարտի երիտասարդական, եւ 2012-2014 թուականներուն՝ մեծահասակներու աշխարհի առաջնութիւններէն մէկը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.