ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխղեկավար Թէյմուր Ապտուլլայեւ «ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ «Կարգ մը լրատու աղբիւրներ, ինչպէս նաեւ «Ենի Մուսաւաթ» օրաթերթը, ատրպեճանական բանակը վարկաբեկելու ձգտող եւ բանակին հանդէպ անվստահութիւն ստեղծելու միտումով յօդուածներ հրապարակեցին»։ Ըստ անոր, կարգ մը լրատուամիջոցներ պաշտպանութեան նախարարութեան դէմ կողմնակալ մօտեցում կը ցուցաբերեն:
«10 Օգոստոսին «Ենի Մուսաւաթ» օրաթերթը հրապարակեց «Ատրպէյճանցի զինուոր մը ինչ կ՛ուտէ» խորագիրով յօդուած մը։ Յօդուածը կը գրէ, թէ ատրպեճանական բանակի զինուորներուն անասուններու կեր կը տրուի։ Օրաթերթը, իբրեւ մասնագէտներ՝ Թելման Ապիլովի եւ Ուզէյիր Ժաֆարովի տեսակէտները հրապարակեց եւ փորձեց բանակին վարկին վնաս պատճառել։ Ահա թէ ինչո՛ւ պաշտպանութեան նախարարութիւնը «Ենի Մուսաւաթ»ի դէմ դատական հարց պիտի յարուցէ», ըսաւ ան։
Ապտուլլայեւ յայտնեց, որ եթէ դատավարութիւնը սկսի, այդ անձերը պէտք է իրենց խօսքերը փաստեն։ «Այլապէս, նախարարութիւնը դատարանէն պիտի պահանջէ օրէնքի համաձայն զանոնք պատժել», ըսաւ ան։
Միւս կողմէ, «Ենի Մուսաւաթ» օրաթերթի խմբագրապետ Ռաուֆ Արիֆօղլու յայտնած է, որ «բանակը ատրպէյճանցի ժողովուրդին կը պատկանի։ Անոր հարցը մեզմէ իւրաքանչիւրին հարցն է։ Իբրեւ քաղաքացի եւ թերթի խմբագիր, ես եւ անձնակազմս բանակին մէջ ժխտական երեւոյթներու հանդէպ անտարբեր չէինք կրնար մնալ։ Ահա թէ ինչո՛ւ մեր օրաթերթը եւ այլ օրաթերթեր բանակին հարցերուն կ՛անդրադառնան։
Պաշտպանութեան նախարարութեան մասին յօդուածները հաւանական են, որ շարունակուին բացի եթէ այս մարզին մէջ լուրջ փոփոխութիւն մը տեղի ունենայ։ Այս առումով, կ՛ուզեմ, որ այս հարցով դատավարութիւն մը տեղի ունենայ, որպէսզի ամբողջ հասարակութիւնը տեսնէ, թէ ատրպեճանական բանակի ծառայութիւնները որքան խայտառակ վիճակի մէջ են»։