Ծագումով ատրպէյճանցի ռուս իմաստասէր, հրապարակային դէմք եւ քաղաքական իսլամի գաղափարախօս Հայտար Ժամալ «Թուտէյ.ազ» կայքէջին կը յայտնէ, որ «Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կանոնաւոր յաճախակի յայտարարութիւնները կարեւոր քայլեր են Ղարաբաղի կացութեան շուրջ Ատրպէյճանի դիրքորոշման զարգացման համար»։
Ըստ Ժամալի, Լեռնային Ղարաբաղի հարցին ռազմավարական երկու ձեւերով պէտք է մօտենալ. «Հարկ է Ղարաբաղի հարցը բարձրացնել Պաղեստինի հարցի նախատիպով՝ ամբողջ իսլամական աշխարհի հարցի վերածելով զայն։ Ասոր համար հարկ է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները հաստատ կերպով սահմանափակելու ծրագիրի մը սկսիլ», յայտնած է Ժամալ՝ աւելցնելով, որ Ղարաբաղի հարցի լուծման այլ ճանապարհներ պէտք է փոխարինուին Մեծն Կովկասի դաշնակցութեան թեմայի զարգացումով (առանց անոր ապագայ սահմանները ճշդելու, այլ բացառելով Իրանէն եւ Թուրքիայէն հողային որեւէ պահանջք)։
«Մեծն Կովկասի դաշնակցութիւնը առաջին հերթին միակ միջոցն է շրջանին մէջ հայկական հարցին արմատական լուծումին, առանց որուն Ղարաբաղի հարցը չենք կրնար լուծել», ըսած է «քաղաքական իսլամի» գաղափարախօսը: