ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Օգոստոս 12ին, բռնցքամարտի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Մեհրապեան յայտնած է, որ Սեպտեմբեր 1ին Իտալիոյ մէջ կայանալիք բռնցքամարտի աշխարհի առաջնութեան պիտի մասնակցի Հայաստանի հաւաքականէն ութ բռնցքամարտիկ։
Մեհրապեանի հաւաստումով, Հայաստանի հաւաքականը Յուլիս 28էն Օգոստոս 10ի միջեւ Ծաղկաձորի մէջ իրականացուցած է ուսումնամարզական հաւաք մը, իսկ այսօր՝ Օգոստոս 13ին, Արարատի «Այգ» մարզահամալիրին մէջ, ան համատեղ հաւաք կ՛ունենայ Վրաստանի ազգային հաւաքականին հետ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.