ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ըստ Հայաստանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Արմէն Գրիգորեանի, կառավարութեան քննարկման ներկայացուած է «Երիտասարդներին՝ մատչելի բնակարան» պետական նպատակային ծրագիրը, որ վերջնական ձեւին հասած էր ՀՀ Կեդրոնական դրամատան հետ համատեղ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք։
Կ՛ակնկալուի, որ ծրագիրը արժանանայ կառավարութեան հաւանութեան եւ անմիջապէս կեանքի կոչուի: Ըստ նախարարին, ծրագիրը կը նախատեսէ պետական աջակցութիւն երիտասարդ ընտանիքներուն, յատկապէս՝ շատ երեխաներ ունեցող ընտանիքներուն:
Անոր նպատակն է՝ լուծել անապահով ընտանիքներու բնակարանային խնդիրը եւ անոր շնորհիւ՝ բարելաւել հանրապետութեան ժողովրդագրական իրավիճակը, նուազեցնել արտագաղթը ու նպաստել առկայ ազատ բնակարանային դրամագլուխի նպատակային իրացման:
Ծրագիրէն կրնան օգտուիլ 18-30 տարեկան Հայաստանի քաղաքացիներ եւ այն երիտասարդ ընտանիքները, որոնց ամուսիններէն առնուազն մէկուն տարիքը չի գերազանցէր 30ը կամ երեխայ խնամող միայնակ ծնողք է, որուն տարիքը 30էն աւելի չէ:
Ըստ նախարարին, արդէն այդ գծով ստացուած է հազարէն աւելի նախնական դիմում: Ծրագիրը կառավարութեան կողմէ հաստատուելէ ետք պիտի սկսի բուն աջակցութեան գործընթացը: