ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Օգոստոս 12ին մարզային եւ քաղաքային թերթերու խմբագիրներուն հետ ունեցած է հանդիպում մը, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Ժուռնալիստներու (լրագրողներու) միութեան կողմէ:
Կարեւոր համարելով գործադիր իշխանութեան ղեկավարի եւ տեղական մամուլի ներկայացուցիչներուն հանդիպումը՝ նշեալ միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան մատնանշած է անոնց գործունէութիւնը աշխուժացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Խմբագիրները իրենց աշխատանքային մտահոգութիւնները յայտնած են վարչապետին եւ յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուցած՝ մարզային մամուլին յատկացուող ամէնամեայ դրամական օժանդակութեան արդիւնաւէտ օգտագործման, տպագրական հիմքի ստեղծման, բաժանորդագրութեան կազմակերպման, տարածքային կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն կողմէ լրատուամիջոցներուն համակողմանի օժանդակութեան խնդիրներուն վրայ:
Առաջարկուած է աւելի շատ տեղ յատկացնել մարզային լուրերուն՝ Հանրային պատկերասփիւռին, ձայնասփիւռին եւ պաշտօնական մամուլին մէջ:
ՀՀ կառավարութեան ղեկավարը անհրաժեշտ համարած է տեղական մամուլի հեղինակութեան բարձրացումը, նաեւ արձագանգած է բնակիչները յուզող հարցերուն: