ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Եթէ հայաստանեան ու սփիւռքեան կարգ մը թերթերու եւ լրատուական գործակալութիւններու կողմէ ի գործ դրուած սովորութեան հետեւէինք, ապա այս օրերուն պէտք է թերթը փակուած ըլլար ու խմբագրութեան աշխատողները արձակուրդի մէջ ըլլային:
Աշխատողներուն մարդկային իրաւունքները անկասկած պէտք է յարգուին ու անոնց տարեկան արձակուրդի խնդիրը կարգաւորուի:
Գլխաւորաբար տնտեսական նկատառումներով իրենց դռները երկշաբաթեայ կամ աւելի երկար ժամանակով փակելու պարտադրուած թերթերն ու մամուլի կեդրոնները իրենց առաքելութեան մէջ թերացած ըլլալու զգացողութիւնը կ՛ունենան վստահաբար: Ի վերջոյ, աշխարհը կանգ չ՛առներ այդ արձակուրդի օրերուն եւ լուրերու հոսքը, թէկուզ նուազ թափով, կը շարունակուի: Թափի նուազումն ալ միայն ու միայն փակուած թերթերու ու գործակալութիւններու պատճառով է, այլ ոչ թէ լուրի արժանի իրադարձութեանց պակասը: Արդարեւ, որքան ալ փորձուի արդարացնել, թէ ամառնային ամէնէն տաք շրջանին քաղաքական ու հասարակական կեանքը գրեթէ անշարժ վիճակի մէջ կը մտնէ, կարելի չէ համոզիչ պատճառ նկատել ատիկա, նոյնիսկ կարճ ժամանակով, ընթերցողին ու բաժանորդին հետ հաղորդակցութիւնը բոլորովին խզելու:
Յամենայնդէպս, յարգելով ընթերցողներուն ու բաժանորդներուն շարունակականօրէն ծառայելու իր պարտաւորութիւնը՝ «Ասպարէզ» կը պահպանէ իր աւանդոյթը անխափան պահելու թերթի հրատարակումը, նոյնիսկ ամէնէն տօթ ու կրակ օրերուն, խմբագրական կազմի անդամներու արձակուրդներուն հերթափոխի ճամբան ընտրելով իբրեւ լուծում:
«Ասպարէզ» կը շարունակէ ներկայանալ իր ընթերցողներուն՝ ջանալով պահել նաեւ էջերու նոյն ծաւալը: