ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Կիրակի օր թրքական «7րդ ալիք» կայանէն տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, թէ իր երկիրը վճռական տրամադրուած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու գծով:
Տաւութօղլու յայտնած է, որ Կովկասի մէջ Թուրքիոյ քաղաքականութեան հեռանկարն է՝ բարելաւել յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ, ինչպէս նաեւ բնականոնացնել յարաբերութիւնները Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ: Ան յայտարարած է, թէ Թուրքիան վճռական է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցին գծով եւ յայտնած է, որ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է նաեւ, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը կը նպաստէ նաեւ ՀայաստանԱտրպէյճան խնդիրի կարգաւորման:
Նոյն հարցազրոյցին ընթացքին Տաւութօղլի յայտնած է, որ «Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութեանց բարելաւումը անպայման որ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վրայ»։
Ան ընդգծած է, որ երկու երկիրները կ՛ուզեն եւ կրնան Սեւ ծովու եւ Կովկասեան շրջանները տագնապի շրջանի կարգավիճակէն դուրս բերել։ «Թուրքիա, թէ՛ Թուրքիա-Հայաստան եւ թէ՛ Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութեանց առումով հեռանկարներ ունի։ Ահա թէ ինչո՛ւ Թուրքիա վճռակամ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, եւ այս նիւթով մեր հանդիպումները կը շարունակուին», ըսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։
Ան նաեւ նշած է, որ Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութինի 6 Օգոստոսի Թուրքիա այցելութեան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը եւս քննարկուած է։
«Ռուսիա վերջերս այս հարցին վերաբերեալ կարեւոր քայլեր առած է։ Անոնց ըսինք, թէ մենք կը զօրակցինք այդ քայլերուն», նշած է Տաւութօղլու։