ԿԱՊԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան մամլոյ ծառայութիւնը տեղեկացուցած է, որ Կապանի երեխաների խնամքի եւ պաշտպանութեան գիշերօթիկ հաստատութեան՝ ՊՈԱԿի տնօրէն Նորա Բաղդասարեանին դէմ յարուցուած է քրէական մեղադրանք։
Մեղադրանքին պատճառն է՝ տնօրէնին կողմէ պաշտօնի չարաշահումը, որուն իբրեւ հետեւանք, վնաս հասցուած է պետական կազմակերպութեան։ Արդարեւ, Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքի թիւ 1 յատուկ դպրոցի տնօրէն Նորա Բաղդասարեանը օգտագործած է իր պաշտօնական դիրքը՝ հակառակ ծառայութեան շահերուն, եւ 2006-2007ին, Հայաստանի ելեւմուտի եւ տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ սահմանուած ծախսերուն մէջ, երեխաներու սնունդին համար, հաշուարկած եւ վճարած է աւելի մեծ գումար քան անհրաժեշտը: