ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 7ին կնքուած է փոխհամաձայնութեան յուշագիր մը «Վիւասել-ՄՏՍ»ի եւ հայաստանեան վեց համալսարաններու միջեւ: Յուշագիրին նպատակն է «Վիւասել-ՄՏՍ»ի ուսանողներու փորձառական շրջանի իրականացումը, մասնագիտական առարկաներու դասաւանդման կազմակերպումը եւ այլ ծրագիրներու իրականացումը։
«Վիւասել-ՄՏՍ»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանի կարծիքով, համագործակցութիւնը կառուցողական է եւ Հայաստանի երիտասարդները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ստանալու աւելի շատ գիտելիքներ, քան միայն տեսականը:
Ըստ Գորիսի պետական համալսարանի ղեկավար Եուրի Սաֆարեանի, այս համագործակցութիւնը ուսանողներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ ճշդօրէն կողմնորոշուելու եւ հեշտութեամբ աշխատանք ձեռք բերելու:
Ռ. Եիրիկեան կոչ ուղղած է Հայաստանի բոլոր արհեստագիտական ընկերութիւններուն միանալու այս արշաւին, որպէսզի հիմք դրուի աշխատաշուկայի պահանջներուն համապատասխանող հասարակութեան ստեղծման: