ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Գերմանիոյ մէջ բնակող Խրիմի եւ Կազանի թաթարները Ուքրանիայէն եւ Ռուսիայէն պահանջեցին թաթարներու լեզուի եւ հայրենիքի իրաւունքը յարգել:
Խրիմեան լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ անոնք Գերմանիոյ կառավարութեան եւ խորհրդարանական խմբաւորումներուն դիմեցին՝ խնդրելով, որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ վրայ ճնշում բանեցնելով ապահովեն անոնց կողմէ շրջանային կամ փոքրամասնութեանց լեզուներու վերաբերեալ Եւրոպական ուխտին վաւերացումը:
Գերմանիոյ մէջ բնակող Խրիմի թաթարները, մասնաւորաբար, մտահոգութիւն յայտնեցին Ուքրանիոյ իշխանութեանց կողմէ Խրիմի թաթարներուն հիմնական հարցերուն անտեսման նկատմամբ։
Անոնք այդ հիմնական հարցերուն շարքին թուեցին իրենց լեզուի, իրենց բնակարաններու կառուցման համար հող տրամադրելու եւ 1944ին տեղահանուած թաթար եւ ցեղային այլ խմբաւորումներու փոխհատուցման բացակայութեան հարցերը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.