ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- 16 երկիրներէ Հայաստան ժամանած ՀՄԸՄական մարզիկները երէկ Սեւան մեկնեցան: Երեք օր շարունակ մրցումներ ունենալէ ետք, առաջին անգամ ըլլալով մարզախաղերը ընդհատելով՝ ՀՄԸՄականները Սեւան մեկնեցան «հանգստանալու»:
Ահա քանի մը վկայութիւններ՝ քաղուած մարզիկներէ.
Ճէյմս Եսայեան՝ Աւստրալիայէն. «Մենք Աւստրալիայէն եկած ենք Սեւանայ լիճի վրայ պարելու: Կարծեմ միչեւ գիշեր պիտի պարենք այսօր եւ ապա գիշերը դարձեալ դուրս կու գանք պարելու»:
Յակոբ Կուճանեան՝ Լիբանանէն. «Շատ ուրախ ենք, որ այստեղ ենք, Հայաստանի մէջ խաղեր ունինք: Մենք կ՛ուզենք մեր հայրենիքին մէջ խաղալ, մեր հայրենիքի հողին վրայ քալել: Տղաքը բոլորը ուրախ են, խանդավառուած. եկած ենք Հայաստան, Սեւան եւ կ՛ուզենք այստեղ բնակիլ:
Արմէն Կէօշկայեան՝ Սուրիայէն. «Ինծի համար մեծ պատիւ է Սեւանի մէջ խորոված ընել: Այս օրը արտասովոր օր դարձած է բոլորիս համար, ՀՄԸՄականներուն համար ցնծութեան, ուրախութեան օր է»:
Այսօր ՀՄԸՄականները դարձեալ կը վերադառնան մարզադաշտեր՝ մրցելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.