Լաս Վեկասի Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սերոբ քհնյ. Ազարեանի գլխաւորութեամբ, Ծխական խորհուրդի եւ Շինութեան յանձնախումբի ջանքերով տարուած աշխատանքին շնորհիւ, Ծխական անդամական բացառիկ ժողովը որոշեց Լաս Վեկասի մէջ գնել երկյարկանի կալուած մը (6160 W. Oquendo St.):
Կիրակի, Սեպտեմբեր 27ին, կ.ա. ժամը 11ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան պիտի մատուցանէ օրուան պատարագը եւ տէր Սերոբի, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերու մասնակցութեամբ պիտի կատարէ եկեղեցւոյ Նուիրագործման արարողութիւնը, ինչպէս նաեւ Ս. սեղանի եւ մկրտութեան աւազանին օծումը: Ապա տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն: