Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Որեւէ կալուածի մէջ գործող-ստեղծագործող արուեստագէտ ինքնեկ մղումը կ՛ունենայ յառաջ ընթանալու, նորութիւն մը իրագործելու, որովհետեւ այլապէս, անոր գործը կ՛իյնայ կրկնութիւններու ոլորտապտոյտին մէջ ու արուեստագէտը դուրս կը նետէ յառաջատուական երթէ։
Բոլոր անոնք, որոնք ներկայ եղան Վահէ Պէրպէրեանի զուարթ մենակատարութեան՝ «Սակայն»ին, վստահաբար այս մատուցման մէջ տեսան-զգացին նորութիւնը, նախկին նմանօրինակ գործերէ մէկ կամ քանի մը քայլ յառաջ անցնելու տենդը, որ, խորքին մէջ, գրաւականը կը հանդիսանայ այս գործին յաջողութեան։
Առաջին անգամը չէ, որ Վահէն հանդէս կու գայ մենակատարութեամբ։ Տարիներ առաջ, ան առանցք ընտրած էր իր մանկութեան ու յաջորդ հանգրուաններու յուշերը, զանոնք համեմելով շրջապատի փորձառութիւններով ու հրամցնելով երգիծանքի սկուտեղին վրայ։ Աւելի ուշ, ան ներկայացաւ կատակներու, զուարճալի պատումներու շարքով մը, անոնց տալով «Վահէեական կնիք» մը, որուն գլխաւոր, բայց ոչ միակ արժանիքն է զուարթախոհութիւնը։
Եւ ահա զուարճալի պատումներու նոր շարք մը, որ նախկիններուն համեմը պահելով հանդերձ, հիմնական տարբերութեամբ մը կը հասնի հանդիսականին. տարբերութիւնը՝ հանրային, ազգային ու մարդկային անբաղձալի, երբեմն նաեւ յոռի երեւոյթներու ընտրովի նկատողութիւններն են, զանոնք մեղմ ու երբեմն ալ քիչ մը ցաւցնող կսմիթներով հանդիսականին վերադարձնելու ոճը։
Մօտաւորպէս երկու ժամուան մէջ, անեկդոտներու, նկատողութիւններու եւ մատնանշումներու անվերջանալի թուացող հոսանք մըն է ներկայացուողը։ Հայուն, նաեւ ոչ հայերու յոռի բարքեր, սովորութիւններ, կարգ մը անհրաժեշտութեանց բացակայութեան նշում, մինչեւ անգամ փիլիսոփայական ակնարկութիւններ կը մատուցուին ծիծաղ, կուշտ ու կուռ խնդուք առթող մանրավէպերով, զուարճալիքներով, որոնք ըստ էութեան կը հետեւին Յակոբ Պարոնեանի մէկ թելադրանքին. Նախընտրելի է ծիծաղով դաստիարակուիլ, քան գանակով։ Եւ ունկնդիրը հաճոյքով, ծիծաղով ու խնդուքով ականջալուր կ՛ըլլայ, կ՛ընկալէ հրամցուածը։ Վահէին նախորդ գործերուն մէջ նման կսմիթներ բացակայ չէին, սակայն հոն իշխողը առաւելաբար հաճելի ու զուարթախոհ մթնոլորտի ստեղծման միտումն էր, քան ուղղակի կամ անուղղակի պատգամներու փոխանցումը։ Եւ ճիշդ այս նորութեան էր, որ կ՛ակնարկէինք վերը, եւ այս գիծը կ՛ողջունենք ծափահարութեամբ։
Անմիջապէս ըսենք, որ Վահէն երբեք ալ ինքն իրեն չէ տուած, չի տար պատգամաբերի, քարոզախօսի հանգամանք։ Ընդհակառակն, իր թելադրանքներէն մէկն ալ՝ քարոզախօսութիւններէ խուսափիլն է։ Սակայն երբ կայ ազգային, ընկերային, մարդկային տագնապ, կայ թերիներու մատնանշման մօտեցում, լուռ թելադրականութիւնը կը դառնայ անխուսափելի։ Այս տագնապին մէկ այլօրինակ, ըստ ձեւի ու ըստ բովանդակութեան՝ տարբեր արտայայտութիւնն էր «Պարոն Կարպիս» թատերական գործը։
Ոչ միայն Վահէին, այլ մեր բոլոր արուեստագէտներուն մօտ ողջունելի են նման յառաջատուութիւններ։ Աւելին, ընկերութեան ու մարդկութեան յառաջդիմութեան, թերիներու սրբագրումին մէջ առողջ քննադատութիւնը միշտ ալ անհրաժեշտութիւն են, ընթացք մը, որմէ մենք մեզ ըստ բաւականին հեռացուցած ենք վերջին շրջանին, տասնամեակներուն, ու հակամէտ դարձած ենք առաւելաբար գովասանքներ լսելու։ Վահէն մեզի կը յիշեցնէ զուարթախոհութեամբ առողջ քննադատութեան մշակոյթին կարեւորութիւնը, եւ իր «Սակայն»ով կը դրսեւորէ յանձնառու կեցուածք մը, յիշողութեանց մէջ վերակենդանացնելով այն գիծը, որ իր եւ խումբ մը սերնդակիցներունն էր թատերական արուեստի առաջին քայլերուն իսկ։
Կարելի է տակաւին խօսիլ այս ներկայացման, ըսել կ՛ուզենք՝ Վահէի ասպարէզին այլ յատկանիշներուն մասին, օրինակի համար՝ նշել, որ անոր գլխաւոր յատկանիշը սրամտութիւնն է, շատերու կողմէ աննկատելի իրականութիւններու, պատկերներու որսորդութիւնը, հաղորդականութիւնն ու հաճելի անակնկալներու առատութիւնը։ Տակաւին, անոր մօտ միշտ ներկայ է ընկալեալ քառակուսի դրոյթներ հեգնելու ու մակերեսային կերպով կազմուած կաղապարները խորտակելու ձգտում մը։
Ունկնդիրէն հաւանաբար կրնայ վրիպիլ այն երեսը, որ պատումները յաճախ կը հիմնուին պրպտումներու, հետախուզութիւններու վրայ, որոնց արդիւնքները տագնապ, ընդվզումի հասնող դժգոհութիւն կ՛առաջացնեն արուեստագէտին մօտ։ Այս ու նմանօրինակ յատկութիւններ են որ կը խորտակեն մէկ կողմէ՝ արուեստագէտին ու անոր բեմին, ու միւս կողմէ՝ հանդիսականին միջեւ աննիւթական պատը, բեմն ու սրահը հաւասարապէս ողողելով ծիծաղի մթնոլորտին մէջ, ունկնդիրը դնելով յաջորդ սրամտութիւնը կամ հաճելի պատումը սպասողի դիրքին մէջ։
Մեր բեմն ու առօրեայ կեանքը կարօտն ունին նման կսմիթներու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.