ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ*
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շատ հաւանաբար ունի ռազմավարական ծրագիր մը, որ կը վերաբերի իր անմիջական դրացիներուն հետ (Ատրպէյճանի, Վրաստանի, Իրանի, Թուրքիոյ), մօտ եւ հեռու մեծ պետութիւններուն հետ (Չինաստան, Ֆրանսա, Մեծն Բրիտանիա, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ այլ բանալի պետութիւններու հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն:
Ամէնէն հիմնական մակարդակի վրայ Հայաստանի ղեկավարներէն կ՛ակնկալուի, որ առաւելագոյն չափով հետապնդեն ազգային շահը եւ դէմ դնեն հակահայ ջանքերուն։ Այս չափանիշին հիման վրայ, ես պիտի ուզէի գնահատական մը կատարել շարք մը ճակատագրական հարցերու, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ՝ Հայաստանի ամէնէն խնդրայարոյց դրացիին:
Թուրքիա ոչ միայն ցեղասպանութիւն գործած է հայ ազգին դէմ եւ կը շարունակէ վայելել այդ ոճիրին պտուղները, այլեւ ան միլիոնաւոր տոլար կը ծախսէ ամէն տարի՝ ուրանալու համար պատմութեան իրականութիւնները եւ վարկաբեկելու հայ ժողովուրդը։
Իր ծնունդէն ի վեր Թրքական հանրապետութիւնը մնայուն կերպով հետապնդած է իր նախնիներուն հակահայ քաղաքականութիւնները։ Թուրքիան շրջափակման տակ կը պահէ Հայաստանը 1993էն ի վեր, ինչ որ պատերազմական քայլ մըն է, որպէսզի պարտադրէ անոր, որ հողային զիջումներ ընէ Արցախի (Ղարաբաղի) մէջ։ Հայաստանի անկախութենէն կարճ ժամանակ ետք, Թուրքիան առնուազն մէկ անգամ զօրքեր հաւաքեց սահմանին վրայ՝ սպառնալով յարձակիլ Հայաստանի դէմ։ Առաւել Թուրքիա մարզած եւ զինած է Ատրպէյճանի բանակը, որպէսզի կարող ըլլայ ներխուժելու Արցախ՝ բնաջնջելու համար անոր հայ բնակչութիւնը:
Թուրքիա նաեւ հակահայ գործունէութիւններ կը տանի զանազան դիւանագիտական խողովակներով։ Թուրք պատուիրակներ հերթական դրութեամբ կը միանան իրենց ատրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն՝ Եւրոխորհուրդի, ՄԱԿի եւ Իսլամական պետութիւններու խորհրդաժողովին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ քուէարկելու համար։
Վերջապէս Թուրքիան կը շարունակէ պատանդ պահել իր հայ բնակչութիւնը՝ զայն զրկելով ամէնէն հիմնական մշակութային, կրթական եւ կրօնական իրաւունքներէն։
Այս պայմաններուն տակ հարկաւոր է, որ հայաստանցի պաշտօնատարները զգուշութեամբ քննեն, թէ արդեօք այն որոշումները, զորս կ՛առնեն Թուրքիոյ նկատմամբ անզգուշաբար կը նպաստե՞ն իրենց թշնամի դրացիին քաղաքական եւ տնտեսական հզօրացման։
Ստորեւ՝ շարք մը օրինակներ այդ ձեւի որոշումներու.
Սահմանը բանալու հարցին մէջ Հայաստան պէտք չէ ընդունի Թուրքիոյ հետ բանակցելու որեւէ նախապայման եւ պէտք չէ համաձայնած ըլլար միացեալ յայտարարութիւն ընելու 24 Ապրիլի նախօրեակին, ինչ որ նպաստեց Թուրքիոյ վարկին բարձրացման եւ ականահարեց Միացեալ Նահանգներու եւ ուրիշներու կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման համար ի գործ դրուած ջանքերը։
Հայաստան պէտք չէ ճանչնայ Թուրքիոյ ներկայի սահմանները եւ պէտք է մերժէ Խորհրդային Հայաստանի կողմէ ստորագրուած դաշինքները, որպէսզի չխափանէ ապագայի հայկական հողային պահանջները։
Հայաստան պէտք չէ համաձայնի Հայկական Ցեղասպանութեան իրականութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու նպատակով, միացեալ պատմական յանձնաժողով մը կազմելու թրքական պահանջքին, որպէսզի խուսափի ցեղասպանութեան ճշդութեան հարցականի տակ առնուելէն եւ չվնասէ երրորդ խմբակին կողմէ անոր ճանաչման առիթներուն։
Հայաստան պէտք չէ արտօնէ, որ Թուրքիա իր քիթը մտցնէ Արցախի շուրջ հայ-ատրպեճանական բանակցութիւններուն մէջ, որպէսզի զարկ տուած չըլլայ Աֆղանիստանի, Իրանի, Իրաքի, Իսրայէլի, Լիբանանի, Փաքիստանի եւ Սուրիոյ մէջ վստահելի միջնորդ ըլլալու Թուրքիոյ դիմագիծին։
Հայաստանի նախագահը պէտք չէ ներկայ գտնուի 14 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի մրցոյթին, բացի եթէ թուրք ղեկավարները նախ յարգեն սահմանները բանալու իրենց գրաւոր համաձայնութիւնը։
Հայ պաշտօնատարներ պէտք չէ նպաստեն հաւաստիացման Թուրքիոյ այն յայտարարութիւններուն, թէ՝ Թուրքիան լուրջ բանակցութիւններու մէջ է Հայաստանի հետ։
Հայաստանի ղեկավարները պէտք չէ նեցուկ կանգնին Եւրոպական միութեան անդամակցելու Թուրքիոյ ջանքերուն, որպէսզի զարկ տուած չըլլան Թուրքիոյ քաղաքական եւ տնտեսական ուժին։ Նկատի առնելով անոր հսկայ բնակչութիւնը, բաղդատաբար Եւրոպական միութեան երկիրներու մեծ մասին՝ Թուրքիա մեծ թիւով քուէներ պիտի ունենայ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, ինչ որ կարող պիտի դարձնէ զինք յաջողցնելու հակահայ օրինագիծեր։
Անցեալ աշնան երբ Թուրքիա մեծ ջանք կը թափէր ՄԱԿի Ապահովական խորհուրդին միանալու համար քուէներ հաւաքելու, Հայաստանն ու ամբողջ աշխարհի հայերը ոչ մէկ փորձ կատարեցին՝ խափանելու համար շուրջ կէս դարէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով անոր այդպիսի ճակատագրական աթոռի մը տիրանալը։ Թուրքիա ներկայիս կրնայ օգտագործել իր այդ ազդեցիկ դիրքը ՄԱԿի մէջ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ օրինագիծեր վաւերացնելու համար։
2006ին Լիբանանի դէմ Իսրայէլի յարձակումէն ետք, Հայաստանն ու հայերը չարգիլեցին Թուրքիոյ ԵՈՒՆԻՖԻԼի (ՄԱԿի Անցումային ուժ Լիբանանի մէջ) խաղաղարար ուժերուն մաս կազմել: Այդպիսով Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով թրքական բանակը տեղաբաշխուեցաւ արաբական երկիրի մը մէջ, որ ունի Միջին Արեւելքի մէջ ամէնէն մեծաթիւ հայ համայնքը։
Վերջապէս հայերը պէտք է պոյքոթի ենթարկեն թրքական արտադրութիւնները եւ պէտք չէ արձակուրդի երթան Թուրքիա, որպէսզի նպաստած չըլլան թշնամի երկիրի մը տնտեսութեան։ Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան դրուատիքի արժանի է հայաստանցի պաշտօնատարներուն իրենց արձակուրդը Թուրքիոյ մէջ չանցնելու թելադրանքը կատարած ըլլալուն համար, ինչպէս նաեւ տեղական ճամբորդական գործակալութիւններուն քաջալերած ըլլալուն համար, որ Արցախի մէջ արձակուրդ անցնելու ճամբորդական յարմար ծրագիրներ կազմակերպեն։
Արդէն իսկ մեծ անհաւասարակշռութիւն մը գոյութիւն ունի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ քաղաքական, տնտեսական եւ զինուորական ուժերուն միջեւ։
Իրենց որոշումներուն ձգած ազդեցութիւնը ուշադրութեամբ քննելով՝ Հայաստանի ղեկավարները պէտք է փոքրացնեն՝ փոխանակ աւելցնելու այդ անհաւասարակշռութիւնը։
*Յարութ Սասունեան
»Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր«ի խմբագիրն է
Արդեօք Հայաստանի Քաղաքականութիւնը Կը Զօրացնէ՞ Թուրքիան
AYO – ete Aprili 24-i nakhoreyin arvats khaytarak haytararutian nman qayler anenk !!!
VOCH – ete hetevenk hargarjan paron Sassouniani khorhurdnerin !!!
Shnorhakalutyun!
***
Amachum em ayn hayeri pohkaren, ovker irents hangistn antskatsnum en Antaliayum /Turkey/, angam Yerevanum
paktsvats pastarnere kardaluts heto, vortegh asvats e, vor:
“HANGSTANALOV ANTALIAYUM, HAYERE ZINUM EN TURKAKAN BANAKE”!!!