ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոլորատօ նահանգի կառավարիչ Ղիլ Ռիթըր Օգոստոս 5ը յայտարարած է «Ցեղասպանութեան յիշատակի օր», եւ այս մասին կատարած իր պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ըսած է. «Քսաներորդ դարու ճանչցուած առաջին Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, որուն ընթացքին աւելի քան մէկ միլիոն հայեր ջարդուած են: Այս ցեղասպանութենէն ետք մենք նման ոճիրներու ականատես եղած ենք շարունակաբար: Մենք պարտաւոր ենք ճանչնալ տեղի ունեցածը, որպէսզի երաշխիք ունենանք, թէ նման արարքներ պիտի չկրկնուին: Այսօր հաւաքուած ենք հոս, պնդելու համար, թէ չենք կրնար հանդուրժել ցեղասպանութիւնը»:
Այս յայտարարութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր Քոլորատոյի ցեղասպանութեան յիշատակման եւ գործի համախմբումը, որուն փոխատենապետն է Քէն Քլիքեանը: Համախմբումը հիմնուած է տեղացի գործիչ Ռոզ Տումանի ջանքերով, որ մօտէն կը գործակցի Քոլորատոյի հայութեան հետ, այլ ցեղասպանութեանց կողքին Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը եւ անոր ճանաչման պայքարը միշտ լուսարձակներու տակ պահելու նպատակով:
«Կ՛ողջունենք նահանգապետ Ռիթըրի ու Քոլորատոյի ցեղասպանութեան յիշատակման եւ գործի համախմբումի ջանքերը, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքի նկատմամբ Քոլորատոյի բնակիչներուն ցուցաբերած զգայուն վերաբերմունքը: Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ կանգնելու եւ Սուտանի ցեղասպան վարչակարգը մերկացնելու Քոլորատոյի ղեկավարութեան քաղաքականութիւնը կը փաստէ, որ իւրաքանչիւր նահանգ կրնայ կենսական դեր խաղալ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու աշխատանքին մէջ», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:
Յայտնենք, թէ Քոլորատոն Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1981ին, նահանգապետի հռչակագիրով, իսկ վերջին 8 տարիներուն, Ապրիլ 24ը «Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման օր» հռչակուած է Քոլորատոյի խորհրդարանին ու Ծերակոյտին կողմէ: