ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին Հինգշաբթի, Օգոստոս 6ին յայտարարեց, թէ Ռուսիա «շահագրգռուած չէ Կովկասի մէջ հակամարտութիւններու գոյութեամբ, եւ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւը մեծ ջանքերու կը դիմէ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով»:
Ան աւելցուց, թէ նման հակամարտութիւններ կը խանգարեն «այս կամ այն երկրին հետ դրական յարաբերութիւններ զարգացնելու» Ռուսիոյ ջանքերը, միաժամանակ խոստանալով կարելին ընել շրջանի տագնապներուն լուծումներ գտնելու համար:
Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ վարչապետները նաեւ քարիւղի եւ կազի մեծ ծրագիրներու շուրջ գործակցելու վերաբերեալ շարք մը համաձայնագիրներ կնգեցին։ Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի Սեւ ծովու մէջ թրքական ջուրերու ընդմէջէն խողովակաշարի մը կառուցման։
Մոսկուա կը յուսայ, որ «Հարաւային հոսանք» ծրագիրը դէպի Եւրոպա ռուսական բնական կազ արտածելու կենսունակ նոր ուղի մը ըլլայ։ Փութին Իտալիոյ վարչապետ Սիլիվիօ Պերլուսքոնիի ներկայութեան, Էրտողանի հետ համաձայնութիւնը կնքեց Անգարա իր այցելութեան ընթացքին։
Թուրքիա, որ կը յուսայ ուժանիւթի տարանցումի շրջանային կեդրոնի մը վերածուիլ, անցեալ ամիս Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու հետ ստորագրեց Ռուսիան շրջանցող «Նապուքօ» խողովակաշարի ծրագիրին վերաբերող համաձայնութիւն մը։
Փութին յայտնեց, որ բանակցութիւնները «ուժանիւթի մարզին մէջ նոր մեծ ծրագիրներու ճամբան պիտի հարթեն»։ Ան ըսաւ, որ շատ յստակ է, թէ ռուսական խողովակաշարը հարկաւոր է, եւ թէ՝ «Շատ կարեւոր է ամբողջ Եւրոպայի համար վստահելի կազի մատակարարում ունենալ ու Թուրքիոյ հետ մեր գործակցութիւնը առաւել զարգացնել»։
Միւս կողմէ, Իտալիոյ վարչապետարանը յայտարարութեան մը մէջ նշեց, թէ Թուրքիոյ այս որոշումը Պերլուսքոնիի «անձնական յաջողութիւնն է»։