ՀՅԴ Արխիւ Հիմնարկութենէն ստացած ենք Օգոստոս ամսուան լրատուն, որ «կը վերաբերի քաղաքական համաձայնութեան մը, որ կայացած էր 1921ին, Պոլսոյ մէջ, ՀՅ Դաշնակցութեան եւ նորաստեղծ Ռամկավար ազատական կուսակցութեանց միջեւ:
Այս մէկը գործակցութեան առաջին օրինակը չէ միջ-կուսակցական գործակցութեան ծիրէն ներս: Արդարեւ, 1896ին, Վանի մէջ, Արմէնական կուսակցութեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ինքնապաշտպանութեան խումբերը, գլխաւորութեամբ արմէնական Աւետիսեանի, հնչակեան Մարտիկի եւ դաշնակցական Պետոյի, միացեալ դիմադրութիւն ցուցաբերեցին թրքական ուժերուն դէմ: Դարձեալ Վանի մէջ էր, 1915ին, որ թրքական հայաջինջ նախայարձակման դէմ հաւաքական ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպեցին հայկական երեք կուսակցութեանց զինեալ ուժերը, գլխաւորութեամբ Արմէնակ Եկարեանի եւ Արամ Մանուկեանի:
Եւ ահաւասիկ, Դեկտեմբեր 20, 1921ին, Պոլսոյ մէջ, ՀՅ Դաշնակցութեան Պատասխանատու մարմնի լիազօր ներկայացուցիչներ Ա. Գիւլխանդանեան, Ս. Արարատեան եւ Խ. Պապայեան քաղաքական համաձայնագիր մը կը ստորագրեն ՌԱԿի հետ, վերջինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ լիազօրուած պատուիրակներ Ա. Թերզիպաշեանի, Հ. Երուանդի եւ Ա. Դարբինեանի հետ:
Համաձայնագիրը կը վերաբերի Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ միացեալ վարքագիծի մը:
Մեր արխիւներուն մէջ կան թէ՛ համաձայնագիրը եւ թէ ՌԱԿի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ իր պատուիրակներուն տրուած լիազօրագիրը: Առաջինը կը կրէ 1711-2, իսկ երկրորդը՝ 1711-1 կարգաթիւը:
Ահաւասիկ համաձայնագրին եւ լիազօրագրին պատկերները:
Համաձայնագիրը
ՀՅ Դաշնակցութեան Արտասահմանեան Պատասխանատու մարմնի ներկայացուցիչներ Ա. Գիւլխանդանեան, Ս. Արարատեան եւ Խ. Պապայեան, եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ Ա. Թերզիպաշեան, Ա. Դարբինեան եւ Հրաչ Երուանդ, իրենց պատկանեալ մարմիններէն ստացած լիազօրութիւններու հիման վրայ նկատի ունենալով Հայկական Դատի այժմու վիճակը եւ հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը, քանի մը յաջորդական նիստերու մէջ քննութեան ենթարկեցին յիշեալ հարցերը, նպատակ ունենալով տեսակէտներու ու գործունէութեան մէջ ներդաշնակութիւն ստեղծել:
Խորհրդակցութիւններու ընթացքին յարմար նկատուեցաւ երկու կուսակցութիւնները հետաքրքրող հարցերը բաժնել երկու գլխաւոր մասերու.
Ա.- Վերաբերում Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ:
Բ.- Վերաբերում Սեւրի դաշնագրի, Հայ Ազգային Տան եւ անոնցմէ բխող խնդիրներու հանդէպ:
Առաջին հարցի մասին «վերաբերում Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ», քանի մը նիստերու խորհրդակցութիւններէ յետոյ, եկան հետեւեալ համաձայնութեան:
1.- Հայաստանի խորհրդային վարչաձեւը իրերու եւ դէպքերու ներկայ դասաւորումին մէջ, ընդունիլ իբրեւ քաղաքական հարկադրանք մը, որ իր ռուսական յենարանովը, թուրք-թաթարական վտանգին դէմ կը ներկայացնէ որոշ ապահովութիւն մեր ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան համար. այդ տեսակէտով ալ անհրաժեշտ հարկադրանք կը նկատենք ռուսական կարմիր բանակի ժամանակաւոր ներկայութիւնը մեր երկրին մէջ:
2.- Խորհրդային կառավարութեան եւ մեծամասնական (ԽՄԲ.- Այսինքն պոլշեւիկեան) վարդապետութեան՝ մեր երկրի վերաշինութեան, զարգացումին եւ ներքին ազատութեան սատարելու եւ բաւարարելու ընդունակութեանն ու յարմարութեանը մասին բացարձակ վերապահութիւն պահելով հանդերձ, Հայաստանի խորհրդային վարչութեան դէմ ըմբոստութիւնը կը նկատենք անընդունելի, նման շարժումի մը մէջ կանխատեսելով մեր երկրի ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան վտանգումը:
3.- Խորհրդային Հայաստանի դէմ կատարուելիք քննադատութիւնները պահուելու են իրողութիւններու սահմանին մէջ, նպատակ ունենալով որ կառավարութիւնը ժողովուրդի ապահովութեան մասին իր ստանձնած պարտականութիւնը կատարելու անկարողութեան չմատնուի: Գնահատութիւնները նոյնպէս պէտք է սահմանափակուին կատարուած գործերու եւ իրողութիւններու շուրջ:
4.- Հայաստանի կարօտութիւններուն եւ վերաշինութեան պահանջներուն պէտք է ընդառաջ երթալ, ղրկուած օգնութեան բուն նպատակին գործածուելու համար ապահովելով հասարակական օգնութեան բոլոր մարմիններու դէպի Հայաստան ազատ երթեւեկի եւ հակակշռի իրաւունքը:
5.- Խորհրդային Հայաստանի կառավարութենէն ձեռք բերել այն բոլոր հնարաւոր զիջողութիւնները, որոնք կարելի պիտի դարձնեն, որ արտաքին աշխարհի օժանդակութիւնը հասնի Հայաստան եւ երկրի տնտեսութեան ու վերաշինութեան տրուի անհրաժեշտ մղումը:
Այս վերջին արդիւնքին համար էական է, որ առեւտուրը ազատ ըլլայ, անհատական ընկերակցական նախաձեռնութեան իրաւունքը ճանչցուի, տուրքեր չգանձուին եւ բռնագրաւումներ տեղի չունենան:
6.- Ցանկութիւն յայտնել Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան, որ մղում տայ Հայկական Կարմիր բանակի կազմակերպութեան, որուն համար տրամադրելի ըլլան բոլոր ուժերը:
7.- Խորհրդային Հայաստանի հանդէպ վերը ընդգծուած կէտերէն ոեւէ մէկին շուրջ լուրջ ու արմատական շեղում պէտք է կատարուի երկու կուսակցութիւններու խորհրդակցութեամբ: Համաձայնութիւն չկայանալու պարագային, կողմերը ազատ կըլլան խնդրոյ առարկայ կէտին շուրջ միայն:
(ստորագրութիւններ)
Կ.Պոլիս, Դեկտ. 20, 1921