ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գուրգէն Սարգսեան, Օգոստոս 5ին ընդունած է Հայաստանի մէջ գործող Պրազիլի դեսպան Մարսելա Նիքոտեմոսը, որուն ներկայացուցած է նախարարութեան ենթակայութեան տակ գտնուող ոլորտները եւ իրականացուող ծրագիրները:
Գ. Սարգսեան մասնաւորապէս անդրադարձած է «Հիւսիս-Հարաւ» երկաթուղիի եւ «Հիւսիս-Հարաւ» ինքնաշարժի մայրուղիի կառուցման ծրագիրներուն: Նշուած է, որ այս տարուան Հոկտեմբերին, «Հիւսիս-Հարաւ» ինքնաշարժի մայրուղիի կառուցման ծիրէն ներս, Երեւանի մէջ պիտի իրականացուի նուիրատու կազմակերպութիւններու հաւաքը: Նախարարը նաեւ նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ իրականացող ծրագիրներու համատեղ իրականացման:Նիքոտեմոս հաւաստած է, որ Պրազիլ ճանապարհներու կառուցման գործին մէջ մեծ փորձառութիւն ունի եւ հաւանական է, որ «Հիւսիս-Հարաւ» ինքնաշարժի մայուղիի կառուցման համար ներդրումներ կատարեն նաեւ պրազիլական կազմակերպութիւնները: