Լիբանանահայ յայտնի երգահան, դաշնակահար Կի Մանուկեանի Յունիս 15ին արձակուած «Ասսուման» ալպոմը հրապարակման առաջին օրէն առաջնակարգ դիրք գրաւած է ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ: Ասիկա Մանուկեանի 6րդ ձայնասկաւառակն է: Իսկ Եւրոպայի մէջ ալպոմը պաշտօնապէս կը ներկայացուի Օգոստոս 3էն ի վեր՝ «Vibes» («Թրթիռներ») խորագրին տակ:
«Իմ նոր ձայնասկաւառակս կը կոչուի «Ասսուման», ատիկա պարսկերէն բառ է եւ կը նշանակէ «պարզ երկինք»: Երկու տարի աշխատած եմ այս ալպոմին վրայ, անիկա լաւագոյնն է իմ բոլոր աշխատանքներուն մէջ. ձայնասկաւառակին մէկ մասը ամբողջովին ոճովս է, ուր Արեւելքն ու Արեւմուտքը խառնուած են ժամանակակից ռիթմերով, իսկ միւս մասը՝ աւելի շատ միջազգային է: Իմ երաժշտութիւնս մաքուր արաբական չէ, անիկա իւրայատուկ խառնուրդ է եւ նոր տեսակի հնչողութիւն, անոր մէջ կան ե՛ւ պարսկական ու արաբական, ե՛ւ ասորական հնչիւններ», «Asia Uncat» պատկերասփիւռի յայտագիրին ընթացքին յայտնած է Կի Մանուկեան
Ինչպէս եւ իր երաժշտութիւնը կը ներառէ բազմաթիւ տարրեր՝ տարբեր մշակոյթներէ, ինք՝ Կի Մանուկեանը նոյնպէս, իր անձին մէջ կը ներառէ բազմաթիւ տաղանդներ. ան երգահան է, դաշնակահար, պասքեթպոլի մարզիկ, իսկ բարձրագոյն կրթութեամբ՝ իրաւաբան: Սակայն երաժշտութիւնը, ան կը համարէ ապրելակերպ:
Նշենք, որ Եւրոպայի մէջ իր նոր ալպոմը ներկայացնելէ մէկ շաբաթ ետք, Օգոստոս 9ին Կի Մանուկեան պիտի մասնակցի Լիբանանի մէջ կայացող եւ Միջին Արեւելքի մեծագոյն փառատօններէն՝ «Պէյթ ըլ Տին» փառատօնին, որ մեկնարկեց Յուլիս 2ին եւ կը համախմբէ այնպիսի հանրաճանաչ անուններ, ինչպիսին են Շարլ Ազնաւուրը եւ բեմադրիչ Էմիր Քուսթուրիցան՝ իր «No Smoking» նուագախումբով:
Փառատօնի Օգոստոս 9ի օրը յատկացուած է Կի Մանուկեանին: Ան պիտի ներկայանայ Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ընկերակցութեամբ:
«Իմ ասպարէզիս մէջ՝ իբրեւ Միջին Արեւելքի երաժիշտ, ասիկա մեծագոյն նուաճումն է, որուն երաժիշտ մը կրնայ հասնիլ: Ինծի այնտեղ պիտի նուագակցին Երեւանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը եւ նաեւ Մարիօ Ռէյէսը՝ «Gypsy Kings» խումբէն, ինչ որ իրօք շատ ոգեւորիչ է ինծի համար», յայտնած է Կի Մանուկեան վերոնշեալ յայտագիրին ընթացքին: