ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- «Էֆ.Պի.Այ.»ի նախկին թարգմանիչ Սիպիլ Էտմընտզ, որ պաշտօնազրկուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման եւ շարք մը այլ հարցերով Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսականներ եւ այլ պաշտօնատարներ կաշառելու Թուրքիոյ ջանքերը բացայայտած ըլլալուն համար, կրնայ վկայութիւն տալ Օհայոյէն քոնկրէսական Ճին Շմիթի կողմէ թեկնածու Տէյվիտ Գրիգորեանի դէմ բացուած դատին ընթացքին:
Արդարեւ, Էտմընտզի փաստաբանները դիմած են Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազ Էրիք Հոլտըրին, որպէսզի վերացնէ նախկին վարչակարգին կողմէ դրուած արգելքը՝ վկայութիւններ չտալու ուղղութեամբ: Նախագահ Ճորճ Պուշի կառավարութիւնը այդ քայլին դիմած էր պետական գաղտնիքներ պաշտպանելու նպատակով, հակառակ այն իրողութեան, որ արդարադատութեան նախարարութիւնն իսկ անարդար գտած էր Էտմընտզը պաշտօնազրկելու «Էֆ.Պի. Այ.»ի որոշումը:
Յայտնենք, թէ Օհայոյի քոնկրէսական նախորդ ընտրութեանց մասնակցած Տէյվիտ Գրիգորեան իր ընտրապայքարին ընթացքին բացայայտած էր, թէ քոնկրէսական Շմիթ առնուազն 30,000 տոլարի նուիրատուութիւններ ստացած էր թրքական կազմակերպութիւններէ եւ թուրք անհատներէ, Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ քարոզչութիւն կատարելու փոխարէն:
Ընտրութիւններէն ետք, Շմիթ շարունակած է ուրացման իր պայքարը, որուն փոխարէն, կը շարունակէ տասնեակ հազար տոլարներով «նուէրներ» ստանալ թրքական կազմակերպութիւններէ:
Շմիթը Գրիգորեանի դէմ դատ բացած է՝ պնդելով, թէ անոր կատարած ամբաստանութիւնները անհիմն են:
Գրիգորեանի պաշտպան փաստաբան Մարք Կիրակոս կը յայտնէ, թէ Շմիթի բացած դատը ինքնին անհիմն է եւ մաս կը կազմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն տարած բազմաճակատ պայքարին:
Դատավարութիւնը պիտի սկսի Օգոստոս 13ին, իսկ Էտմընտզի վկայութիւն տալու հարցը պիտի քննուի Շաբաթ, Օգոստոս 8ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.