ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան լրատուական ծառայութեան տուեալներով, նախարար Գէորգ Պետրոսեան արձակուրդի չի կրնար երթալ, որովհետեւ անոր պաշտօնավարման վեց ամիսը չէ լրացած։ Նոյն տրամաբանութեամբ կ՛առաջնորդուին նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան, ինչպէս նաեւ գիւղատնտեսութեան նախարարները, որոնց պաշտօնավարման վեց ամիսը տակաւին չէ լրացած:
Յունիս 18ի կառավարութեան նիստին ընթացքին, Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան կոչ ըրած է, որ նախարարները եւ անոնց տեղակալները արձակուրդի մեկնին մէկ ամիսէն նուազ ժամկէտով եւ Հայաստանէն չհեռանան:
Ըստ երեւոյթին, վարչապետին յանձնարարութիւնը կը կատարեն գործող նախարարները, որոնց մեծ մասը չի պատրաստուիր արձակուրդի մեկնելու: