ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Վերջերս տեղի ունեցած է իրաւաբաններու համահայկական առաջին համաժողովի կազմակերպիչ կոմիտէին նիստը՝ նախագահութեամբ ՀՀ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի:
Նիստին ներկայ եղած են սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ արդարադատութեան նախարար Գէորգ Դանիէլեան, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ փաստաբաններու պալատէն, Հայաստանի իրաւաբաններու միութենէն եւ Երեւանի պետական համալսարանէն:
Քննարկման հիմնական թեման եղած է համաժողովի կազմակերպման հետ կապուած հարցերը։
Ամփոփելով բոլոր հարցադրումները՝ Գագիկ Յարութիւնեան յստակացուցած է համաժողովի հիմնական նիւթը, որ պիտի վերաբերի իրաւունքի ընկալման, օրէնսդրական զարգացումներուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւրոպական չափանիշներուն, իրաւագիտութեան առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներուն եւ այլն:
Համաժողովի ծրագիրին համար որոշուած է համաժողովի նախօրէին՝ Սեպտեմբեր 18ին, ընդունելութիւն մը կազմակերպել Երեւան ժամանած համաժողովի մասնակիցներուն համար, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ, իսկ Սեպտեմբեր 19ին՝ համաժողովի բացումը կատարել Հայաստանի կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ: Նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ մէկ նիստ, որմէ ետք մասնակիցները պիտի բաժնուին խումբերու եւ այցելեն Սահմանադրական դատարան, արդարադատութեան նախարարութիւն, ԵՊՀ, Փաստաբաններու պալատ, ուր պիտի շարունակուի քննարկումը:
Սեպտեմբեր 20ի նիստը պիտի անդրադառնայ ստեղծուելիք ընկերակցութեան կազմակերպական եւ կանոնադրական հարցերուն, պիտի ձեւաւորուի հայ իրաւաբաններու միջազգային ընկերակցութիւնը:
Համաժողովի ընթացքին կը նախատեսուին ընդունելութիւններ ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ եւ Հայաստանի վարչապետին կողմէ: Մասնակիցները պիտի այցելեն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին եւ Մատենադարան:
Համաժողովի կազմակերպիչ կոմիտէին յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոսին: