«Զուարթնոց» օդակայանէն Երեւան հասնելու համար պիտի անցնիս Փարաքարէն, որուն անուան հետ, անկախութեան տարիներուն քանի մը զուարճալի քաղաքական դրուագներ կապուած են՝ գլխաւորաբար Տոն Քիշոտեան գործիչներու դերակատարութեամբ:
Հիմա Փարաքար անունը կրնաք զուգակցել «Քեսապելլա» հիւրանոցին հետ, Հայաստան հասնելէ ետք, օդակայանէն ոչ այնքան հեռու պանդոկը, որ կառուցուած է հալէպահայ քեսապցի Խաչիկ Մանճիկեանի կողմէ:
Խաչիկ իր հարսին հետ առաջին անգամ Հայաստան գացած է 1985ին, մեղրալուսնի:
Խաչիկ մասնագիտութեամբ գիւղատնտես էր, եւ առաջին հիմնական աշխատանքը այդ ոլորտէն ներս եղած էր: 2000ին, բացած է իր սեփական աշխատատեղին՝ աթոռներ սարքելով ու շուկայի մէջ վաճառելով:
Հայաստան իր յաջորդ այցելութիւնը, արդէն ընտանեօք, երկու զաւակներուն՝ Կարոյին ու Դրոյին հետ, 2002ին էր: Այս այցելութեան ընթացքին փոքր տուն մը գնեցին՝ հայրենիքի մէջ բնակարան ունենալու երազը իրականութիւն դարձնելով:
Յաջորդ տարի դարձեալ գացին, իրենց սեփական բնակարանին մէջ մնալու: Բնակարանը փոքր էր: Հարեւան տուները գնելով՝ բնակարանը մեծցաւ ու դարձաւ ընտանեկան հաճելի միջավայրով պանդոկ-հիւրանոց մը, ուր իջեւանողները իրենք զիրենք իրենց տունը կը զգան:
Հիւրանոցը ներկայիս ունի տասնհինգ յարմարաւէտ սենեակներ՝ պարտէզով, բակով:
Խաչիկն ու իր կինը՝ Մարալը, որ Հալէպի նախակրթարան դպրոցներէն մէկուն տնօրէնուհին է, յատուկ ճիգ կը թափեն հիւրընկալելու աշակերտական խումբեր: Նման խումբերու պարագային, անոնք հիւրանոցը կը փակեն եւ ոեւէ այլ յաճախորդ չեն ընդունիր:
Այս տարի, այնպէս զուգադիպեցաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի Երեւան այցելութեան ընթացքին, իրենց մօտ իջեւանած էին Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանի աշակերտները:
Նախագահի շքախումբը «Զուարթնոց»էն Երեւան ճամբու վրայ, Փարաքարէն անցնելու ատեն, աշակերտներ կանգնեցան փողոցին եզերքը եւ սուրիական ու հայկական դրօշներով դիմաւորեցին նախագահ Ասատը: Գեղեցիկ ողջոյն մը եղաւ անիկա իրենց երկրի նախագահին:
Հիւրանոցի խոհանոցը սուրիական է: Խոհարարները՝ Երեւան բնակող քեսապցիներ, բոլորը: Խաչիկ իր հիւրերուն կը տրամադրէ նաեւ Հայաստան շրջագայութեան հնարաւորութիւն, ամէնէն յարմար գիներով: Հիւրերը կը նախաճաշեն հիւրանոցին մէջ, դուրս կու գան շրջագայութեան եւ կը վերադառնան ընթրիքի: Մէկ օրուան ծախսը՝ հիւրանոցի կեցութիւն, նախաճաշ, ընթրիք ու պտոյտներ՝ միայն եօթանասուն տոլար է: Շատ մատչելի է, իսկապէս:
Միայն քնանալու համար օրական վճարումը երեսուն տոլար է, դարձեալ շատ մրցունակ սակագին մը Հայաստանեան պայմաններուն մէջ: Փարաքարը այնքալ ալ հեռու չէ Երեւանէն, իսկ հեռաւորութիւնը յաղթահարելու համար, Հիւրանոցը իր յաճախորդներուն կը տրամադրէ փոխադրամիջոց, որ չզրկուին քաղաքի կեդրոնի զուարճանքներէն:
Խաչիկ նաեւ կը զբաղի հողի առուվաճառքով:
Ան առաջին հերթին քսանհինգ հեքթար հող գնած է Էջմիածինի շրջանէն, բաժնած է զայն մասերու, եւ վաճառած իբրեւ «տնամերձ», այսինքն՝ հողատարածք, որուն վրայ տուն կրնաս սարքել եւ որուն կցուած կ՛ունենաս հողակտոր-պարտէզ մը:
Հիմա մէկ այլ հողաշերտ առած է ու նոյն ծրագիրը կը փորձէ իրականացնել: Եօթանասուն կտորէ բաղկացած այս երկրորդ տարածքէն քսան կտորը արդէն վաճառած է: Ներկայիս կալուածներու առուվաճառքը քիչ մը դանդաղած է՝ կապուած միջազգային տնտեսական ճգնաժամին հետ:
Խաչիկին երկու զաւակներն ալ կապուած են հայրենիքին, այնտեղ կ՛ուսանին եւ միեւնոյն ժամանակ կ՛օգնեն իրենց հօրը՝ կառավարելու «Քեսապելլա»ն:
Խաչիկ իր կնոջ հետ վերջերս անցաւ «Ասպարէզ»էն եւ ծանուցում դրաւ թերթին մէջ: Խոստացանք օգնել՝ հիւրանոցին անունի տարածման նպաստելով:
Ահա մեր օգնութիւնը՝ Հայաստանի մէջ հիւրանոց կառուցած հալէպահայ քեսապցի գործարարին:
Կապուելու համար կրնաք հեռաձայնել 37491-188-887 թիւին, Հայաստան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.