ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագիրը արդէն իսկ անցած է իր երկրորդ կիսուն, քանի մը շաբաթներու ընթացքին անոր մասնակիցներուն բերած յատկանշական ներդրումներէն ետք:
Արդարեւ, ծրագրին մասնակիցները արդէն իսկ կազմակերպած են համայնքային հաւաքներ եւ ունեցած են հանդիպումներ համայնքի ղեկավարներու հետ:
2006ին հաստատուած վարժողական այս ծրագիրին նորագոյն եօթը մասնակիցները, իբրեւ կեդրոն ունենալով Կլէնտէյլի մէջ գտնուող Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակները, օժանդակած են Հայ Դատի յանձնախումբի Հոլիվուտի եւ Օրէնճ Քաունթիի մասնաճիւղերու գործունէութեանց ու իրենց մասնակցութիւնը բերած են քուէարկողներ արձանագրելու աշխատանքներուն, որոնք տեղի ունեցան ՀՄԸՄի Նաւասարդեան խաղերու օրերուն:
Վարժողական ծրագրի համակարգող Հայկ Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ այս տարուան խումբը արդէն իսկ տպաւորած է զինք եւ խոստացած՝ նոյն աշխուժութեամբ աւարտել ծրագիրը:
Այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակիցներն են՝ Քոլէթ Ղազարեան, Յովսէփ Հաճիպէքեան, Սրբուհի Կարապետեան, Ռազմիկ Խալայեան, Նարէ Քիւփէլեան, Էլիզապէթ Մըքինթայըր եւ Լորըն Շէնեան:
Վարժողական ծրագիրի մասնակիցները նաեւ կը մասնակցին շաբաթական աշխատանիստերու, սեմինարներու եւ դասախօսութիւններու:
Ամառնային ծրագիրը պիտի աւարտի Օգոստոս 21ին, երբ ծրագրի մասնակիցները իրենց աշխատանքը ներկայացնեն Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ու տեղական մասնաճիւղերու ղեկավարներուն:
Աշնանային վարժողական ծրագրին մասնակցիլ փափաքողները կրնան դիմել (818) 500-1918 թիւին: