ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Համաշխարհային դրամատան գործադիր տնօրէններու խորհուրդը Յուլիս 29ին հաստատած է 30 միլիոն տոլարի արժողութեամբ՝ Հայաստանի ոռոգման համակարգերու վերանորոգման հրատապ ծրագիրը: Դրամատունը այս քայլին դիմած է աջակցելու համար կառավարութեան կողմէ իրականացուող տնտեսութեան խթանման ծրագիրին եւ մեղմելու՝ համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամի բացասական ազդեցութիւնը։ Ծրագիրին նիւթականը պիտի ապահովուի շնորհիւ Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան (ՎԶՄԴ) տրամադրած վարկին, իսկ նպատակը՝ բարելաւել Արմաւիրի եւ Թալինի ոռոգման արդիւնաւէտութիւնը ու աշխատատեղեր ստեղծել գիւղական վայրերուն մէջ:
Ծրագիրի աւարտին կատարուած աշխատանքներէն անմիջականօրէն օգտուած պիտի ըլլան 73 համայնքներու շուրջ 39,000 անձեր։ Շնորհիւ այս ծրագիրին, առիթ պիտի ընծայուի, որ աշխատելու համար երկրէն դուրս մեկնած արմաւիրցիներ եւ թալինցիներ վերադառնան եւ զբաղին շինարարական աշխատանքներով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.