Վ. Վ.
Կիրակի, 14 Յունիսը Ֆրեզնոյի հայկական գաղութին համար եղաւ յատկանշական օր մը. արդարեւ, ծնողներէ եւ հիւրերէ բաղկացած հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ գաղութիս «Չարլի Քէյեան» վարժարանի 33րդ հունձքի աւարտական հանդէսը, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահէն ներս։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանիս երկարամեայ տնօրէնուհի Ռոզի Պետրոսեան: Վաստակաշատ տնօրէնուհին բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն եւ խօսքը յանձնեց եկեղեցւոյ տէր հօր՝ Վահան Կոստանեանին, որ Տէրունական աղօթքով իր օրհնութիւնները փոխանցեց բոլոր ներկաներուն: Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանիս նորընտիր Հոգաբարձութեան ատենապետ Արա Քարքազեան, որ նոյնպէս բարի գալուստ մաղթեց ու հակիրճ ձեւով ներկաներուն տեղեկացուց նոր Հոգաբարձութեան մարմինի մօտիկ ապագայի ծրագիրներուն մասին, ինչպէս նաեւ ներկայացուց վարժարանիս նորանշանակ տնօրէնուհի Սոֆի Մխիթարեանը։
Բացման խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ պատրաստուած վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ:
Գեղարուեստական յայտագիրի բացումը կատարեց վարժարանի աշակերտական նուագախումբը՝ առաջին հերթին նուագելով Հայաստանի հանրապետութեան քայլերգը: Ապա յաջորդաբար բեմ հրաւիրուեցան իւրաքանչիւր դասարանի աշակերտները,
աւարտական վեցերորդ կարգէն մինչեւ մանկապարտէզի փոքրիկ
աշակերտները: Վեցերորդ դասարանի իւրաքանչիւր աշակերտ-աշակերտուհի ամփոփ ձեւով փոխանցեց իր զգացումներն ու յուշերը, զորս ապրեցաւ իր սիրելի ու հոգեհարազատ վարժարանէն ներս։
Ապա, յաջորդաբար, միւս դասարանները ներկայացուցին գեղարուեստական շատ գեղեցիկ հայկական երաժշտութեամբ ու նայիրեան պարերով հիւսուած ազգային պատկերներ:
Հանդէսի աւարտին, ատենապետ Արա Քարքազեան Հոգաբարձութեան անունով շնորհակալական ու երախտագիտական իր խօսքը ուղղեց, ինչպէս նաեւ յատուկ յուշագիր-նուէրով մը պատուեց առաջին հերթին վարժարանիս հանգստեան կոչուած տնօրէնուհի Ռոզի Պետրոսեանին: Ապա, յաջորդաբար յուշանուէրներ յանձնուեցաւ երկար ժամանակ Հոգաբարձութեան մէջ ծառայած նախկին անդամներ Ճէրի Քութիւմեանի, Վահէ Նշանեանի եւ Ռէնտի Պալոյեանի։
Վարձքը կատար բոլորին՝ տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի Շողիկ Բաբոյեանի, նաեւ կամաւոր պարուսոյց Լուսինէ Յարութիւնեանի։
Բարի ու յաջող երթ կը մաղթենք մեր հին ու նոր վարժարանին, եւ վերջապէս յիշենք
մեր մեծանուն ֆրեզնոյաբնակ Ուիլեըմ Սարոյեանի նշանաւոր խօսքերէն փոքրիկ հատուած մը. «Երբ երկու հայեր կողք կողքի կու գան, նոր Հայաստան մը կը ստեղծեն»:
Եկէք բոլորս միասին կողք կողքի գանք ու մեր գաղութի արդէն իսկ կազմուած Հայաստանին՝ մեր միակ հայկական վարժարանին, առաւե՛լ եւս նեցուկ կանգնինք։