ՄԱՐԻՆԱ ՉԷՐՉԵԱՆ
Շաբաթ, Յունիս 20ին «Մեսրոպեան» Ազգ. վարժարանը տուաւ աւարտականներու իր 35րդ հունձքը։
Ներկաներուն ծափողջոյններով բեմ տողանցեցին 2008-09 տարեշրջանի 8րդ եւ 12րդ կարգերու շրջանաւարտները։ Հանդէսը սկսաւ Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ։ Ամերիկեան քայլերգը կատարեց 12րդ կարգի շրջանաւարտներէն Անահիտ Սամուէլեան, իսկ Հայաստանի քայլերգը՝ դարձեալ նոյն դասարանի շրջանաւարտներէն Կէրի Փիլոյեան. դաշնամուրի վրայ կ՛ընկերանար Անահիտ Խաչիկեանը։
Ձեռնարկի հանդիսավարն էր վարժարանիս հայերէն բաժանմունքի պատասխանատու եւ 12րդ կարգի դաստիարակ Ռոզա Մատոյեան, որ ողջունելէ ետք պաշտօնական հիւրերն ու բոլոր ներկաները, ներկայացուց օրուան պատգամաբերը՝ «Մեսրոպեան»ի 2001 տարուան շրջանաւարտներէն իրաւաբան Րաֆֆի Գասապեանը։
Րաֆֆին վարժ եւ հմուտ ձեւով սկսաւ իր խօսքը. նախ անդրադարձաւ իր աւարտական դասարանի յուշերուն, ուսուցիչներուն, դասընկերներուն եւ երազներուն, ապա շրջանաւարտներուն խօսեցաւ վարժարանէն համալսարան փոխանցման շրջանի ընթացքին իրենց դիմագրաւելիք հաւանական դժուարութիւններուն ու զանոնք յաղթահարելու միջոցներուն մասին։ Պատգամաբերը իր երիտասարդական կորովով ու լաւատեսութեամբ իւրաքանչիւր շրջանաւարտի համար հեզասահ եւ լուսաւոր ճամբու մը կարելիութիւնները տեսաւ: Ըստ Րաֆֆիին, աշխատելու պատրաստակամութիւն եւ աննկուն կամք ունեցող աշակերտը խոչընդոտներու դիմաց չընկրկիր ու իր երազները հետապնդել գիտցողը՝ անպայման կ՛իրագործէ զանոնք, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ դպրոց կը յաճախէ։
Իր խօսքի աւարտին, ան խրախուսեց եւ թելադրեց շրջանաւարտները, որ իբրեւ հայ ազգի զաւակներ, անպայման իրենց ներդրումը բերեն Հայ Դատի աշխատանքներուն ու կարելի եղած չափով ծառայեն ազգին ու հայրենիքին, եւ դառնան հայ մշակոյթին ու Հայ Դատին խոնարհ սպասարկուները։
Ապա Խնամակալ մարմինին խօսքը փոխանցեց. Մակի Սարքունի։
Միջնակարգի աւարտականներուն վկայականները բաժնելու համար, բեմ հրաւիրուեցան 8րդ կարգի դաստիարակ ուսուցչուհի Նաթալի Ճապուրեան եւ տնօրէնուհի Հիլտա Սալիպա։ Իր ճառին մէջ Սալիպա ըսաւ. «Զանազան ծաղիկներով համախմբուած փունջեր այլազան տեսք եւ բուրմունք կ՛ունենան, սակայն ազգային վարժարաններու աւարտական փունջերը նմանօրինակ տեսք ու բուրմունք ունին։ Անդրադառնալով հանդերձ անհատական իւրայատկութիւններուն՝ հաւաքականօրէն, մեր շրջանաւարտները՝ իբրեւ ամբողջութիւն, կը ներկայացնեն հայկական դիմագիծ ու ազգային բուրմունք։ Ահա այս հանգամանքն է, որ մեզ կը զանազանէ պետական եւ անձնական օտար վարժարաններէ»:
Նախքան աւարտական կարգի վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, Մատոյեան յայտարարեց այն աշակերտներուն անունները, որոնք կրթանպաստներ շահած էին. այդ աշակերտներն են՝ Ռազմիկ Սարգիսեան, Բալիկ Սաղտըճեան, Նանօր Հարպոյեան, Նորա Կուրտիկեան, Անահիտ Սամուէլեան եւ Նազելի Քացիկեան։
Ապա, Մատոյեան շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Ձեր վարժարանէն հեռանալու իրողութիւնը ես կը կապեմ ծիծեռնակներու գաղթին. այսօր մենք ձեզ ազատ կ՛արձակենք. գացէ՛ք դէպի անծանօթ հորիզոններ եւ կեանքին մէջ ձեր տեղը որոնեցէք, ու օր մըն ալ ծիծեռնակներու պէս կրկին վերադարձէք հոս՝ նոր շիւղեր կպցնելու Մեսրոպեան կոչուած այս հարազատ բոյնին»։
Վկայականաց բաշխումէն ետք ձեռնարկը փակուեցաւ հայր Միւռոն վրդ. Ազնիկեանի խօսքով ու աղօթքով։