ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք ազգայնամոլներու «Էրկէնէքոն» ահաբեկչական խմբակին հարցով ներկայացուած երկրորդ ամբաստանագիրի հիման վրայ դատավարութիւնը Երկուշաբթի, Յուլիս 20ին սկսաւ։ Այս հանգրուանին կը դատուին կարգ մը յայտնի դէմքեր, որոնց շարքին են «Ճումհուրիյէթ» թերթի աւագ խմբագիր Մուսթաֆա Պալպէյ, Պոլսոյ ոստիկանութեան կազմակերպեալ յանցագործութիւններու բաժնի նախկին տնօրէն Ատիլ Սէրտար Սաչան, զօր. Հուրշիտ Թոլոն եւ Անգարայի առեւտրական սենեակի նախագահ Սինան Այկիւն:
Դատավարութեան առաջին նիստին ընթացքին քանի մը ամբաստանեալներ հեգնական եւ անարգական պատասխաններ տուին դատաւորին, որ իր կարգին սպառնաց զանոնք դատասրահէն դուրս հանել:
Ամբաստանագրին համաձայն, նախկին զօրավարներ Մէհմէտ Շէնէր Էրույկուր եւ Հուրշիտ Թոլոն, որոնք առողջապահական պատճառներով ազատ արձակուած էին, կ՛ամբաստանուին զինեալ ահաբեկչական կազմակերպութիւն հիմնելու, Թուրքիոյ կառավարութիւնը տապալելու կամ անոր աշխատանքին արգելք ըլլալու եւ պետական կարգ մը փաստաթուղթեր ոչնչացնելու յանցանքներով։
Դատարանի շէնքին առջեւ, Մարդկային իրաւունքներու միութեան Անհետացածներու յանձնախումբի անդամները մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին։ Անոնք ունէին լուսանկարները այն անձերուն, որոնք սպաննուած են, սակայն այդ ոճիրներուն պատասխանատուները չեն յայտնաբերուած։ Յանձնախումբի անդամները նեցուկ կանգնեցան դատավարութեան եւ պնդեցին, որ այդ անձերը սպաննուած են «Էրկէնէքոն»ի անդամներուն կողմէ։ Կարգ մը ամբաստանեալներու համակիրներ եւս անոնց ի նպաստ ցոյցեր ըրին։
Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի Օգոստոս 6ին։