ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու Անգարայի մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Երեքշաբթի, Յուլիս 21ին յայտարարած է. «Պէտք չէ մտածել, որ Հայաստանի հետ սահմանը կարելի է բանալ մաս-մաս»:
Թրքական «Տունիապուլթէնի» թերթին համաձայն, Տաւութօղլու աւելցուցած է, թէ մօտիկ ապագային այս հարցով «դրական զարգացումներ կ՛ակնկալուին», եւ որ «Թուրքիոյ մէջ այդ գծով քաղաքական կամք գոյութիւն ունի»:
«Երեւանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ ազգային եւ տարածաշրջանային շահ կը տեսնենք, որովհետեւ ներկայ իրավիճակը ամէն վայրկեան վտանգ կը սպառնայ: Ղարաբաղի հարցը լուծելով կարելի պիտի ըլլայ հաստատել Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններու ամուր հիմքերը: Անոնցմէ մէկը միւսին այլընտրանքը չէ. երկուքն ալ իրարու վրայ դրականօրէն կ՛ազդեն: Հայաստանի հետ շփումները առաջ կ՛ընթանան:
Տարածաշրջանային գործընթացը չէ դանդաղած: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարները 19 տարուան ընթացքին աննախադէպօրէն չորս անգամ հանդիպած են վերջերս: Մեր նպատակը պատմական խաղաղութիւն ստեղծելն է», ըսած է թուրք նախարարը:
Ըստ անոր, Անգարա Կովկասի բոլոր ազգային խմբաւորումներուն հետ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի: