ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եգիպտոսի Շարմ Շէյխ քաղաքին մէջ անցեալ շաբաթ (Յուլիս 15-16) տեղի ունեցած Ոչ յանձնառու երկիրներու կազմակերպութեան 15րդ գերաստիճանը, որուն մասնակցեցան 119 երկիրներ, վաւերացուցած է հռչակագիր մը, ուր կը հաստատուի ազգերու ինքնորոշման սկզբունքի գերակայութիւնը: Հռչակագիրին մէջ պարբերութիւն մը յատկացուած է ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին, մինչ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի մասին նշում չկայ:
Յայտնենք, թէ Հայաստանը կազմակերպութեան մէջ ունի դիտորդի կարգավիճակ:
«Ոչ յանձնառու երկիրներու կազմակերպութեան պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարները կը շարունակեն աջակցիլ բոլոր ժողովուրդներու հիմնարար եւ անօտարելի ինքնորոշման իրաւունքին, ներառեալ՝ բոլոր ոչ-ինքնակառավարուող տարածքներուն, ինչպէս նաեւ օտար ուժերու կողմէ բռնագրաւեալ կամ գաղութային եւ օտար իշխանութեան տակ տարածքներու ժողովուրդներու պարագային: Ազգերու ինքնորոշման սկզբունքը կենսական է եւ կարեւորագոյն գործօն է նմանատիպ բոլոր իրավիճակներն արմատախիլ ընելու համար, եւ ապահովելու մարդու իրաւունքներու հիմնարար սկզբունքներն ու ազատութիւնները», ըսուած է հռչակագիրին մէջ:
Փորձագէտներու գնահատումով, հռչակագիրին մէջ օգտագործուած բառապաշարը, որուն տակ ստորագրած են Իսլամական խորհուրդի կազմակերպութեան գրեթէ բոլոր անդամները եւ եռեակի անդամ աւելի շատ պետութիւններ, քան 2008ի ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի տխրահռչակ բանաձեւի կողմ քուէարկողները, կու գայ ապացուցելու, որ սեփական ժողովուրդը մոլորեցնել միտող Ատրպէյճանի ջանքերը արդէն չեն կրնար արդիւնք տալ:
Ոչ յանձնառու երկիրներու կազմակերպութիւնը ստեղծուած է 1961ին: Անոր կրնան անդամակցիլ որեւէ ռազմական ուխտի անդամ չեղող երկիրներ: Դիտորդի կարգավիճակ ունին 16 պետութիւններ, ինչպէս նաեւ միջազգային հինգ եւ ազգային-ազատագրական երկու կազմակերպութիւններ: