Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Եթէ իր անուան արժանի ազգային իրաւութեամբ յատկանշուող ղեկավարութիւն մը ունենայինք, ոչ ոք պիտի համարձակէր ազգային հարազատ լեզուն նուազուրդի ենթարկել:
Այսօր այդ նուազուրդը տեղի կÿունենայ մեր աչքին առջեւ, մամուլով, հեռատեսիլով, ազգը առաջնորդելու կոչուած գերյարգելի անձնաւորութիւններու բարբարոս կապկումներու բառապաշարով, ուրիշներու կեղծ իմաստութեամբ լուացուած պարտութեան արտայայտութիւններով, մարդիկ, որոնք «էսթէպլիշմընթ»ը կը գոյացնեն, անիմանալի ազգային որակով, որ «չորակ» է:
Անոնք, որոնք Պէյրութ կը բնակին կամ այցելած են, իմացած ըլլալու են քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին ծովափին դիզուած անիշխանութեան եւ անպատասխանատուութեան հետեւանք լեռնակուտակ աղբի մասին, տեսած՝ կարծէք հրաշքով ծովէն դուրս եկած բլուրը, որ ինքզինք կը յիշեցնէ տարածելով իր կոյուղիի հոտը: Քաղաքացիական պատերազմը յիշեցնող կոթողի կարիք չկայ:
Տասնամեակներէ ի վեր հայոց ազգային լեզուին վրայ կը դիզուի աղբ, լեռնակուտակ, զոր չենք ուզեր տեսնել, անձնատուր ըլլալով քաղաքական համարուած խօսքի աճպարարութիւններու:
Հայաստան՝ ռուսերէնը, ամերիկերէնը եւ դեռ յամառօրէն շարունակուող թրքերէնը, կը ձեւազեղծեն լեզուն: Բայց նեխածի հոտը չի գրգռեր մեր ռունգերը: Ուղղագրութիւնը սխալագրութեան վերածեցինք դիւրութեան եւ ժողովուրդը «գրագէտ» դարձնելու կարգախօսով, սովետամարդ ստեղծելու համար հայերէնի բառապաշարը լքեցինք վայրագ փոխառութիւններով, բազմադարեան եւ հարուստ հայերէնը «մուտացիա»յի կÿենթարկենք. հրաժարեցանք հարազատութիւնը պահելու կոչուած բծախնդրութենէ եւ աջէն-ձախէն բառեր ներածեցինք, երբեմն ալ լքեցինք լեզուն՝ ընկեցիկի հոգեբանութեամբ յայտարարելով, որ մեր միտքերը աւելի լաւ կրնանք արտայայտել… օտար լեզուներով, եւ ծափահարողներ ալ կը գտնենք, կարծէք ոչ Նարեկացի, ոչ Դանիէլ Վարուժան եւ ոչ ալ Վահան Թէքէեան ունեցած ըլլայինք: Այնքան շեշտուեցաւ այդ տեղատուութիւնը, որ մարդիկ չեն անդրադառնար անգամ, որ իրենց բառապաշարը դադրած է հայերէն ըլլալէ, նոյնիսկ բարձրագոյն մակարդակի վրայ:
Ազգային որակի աւեր տեղի կÿունենայ, քանի որ հայոց հայրենիքը աճուրդի կը հանուի, խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի՝ Միացեալ, եւ ոչ Հայաստանի Հանրապետութեան: Փերեզեկային հաշիւներով, բռնագրաւեալ Հայաստանի խնդիրը օրակարգ չէ: Հակառակ հայրենակերտման ճառերու, արտագաղթը կը շարունակուի եւ փերեզակի տրամաբանութեամբ զայն արդարացնող ղեկավարներ կը գտնենք՝ Հայաստան եւ Սփիւռք, հոգեկան-ոգեկան տարբերութիւն չտեսնելով հայրենահանուածի եւ արտագաղթածի միջեւ, առանց հայրենահանուածներու ազգային աշխարհայեացքին վրայ կատարուող բացասականութիւնը քննելու, այս՝ նեղլիկ շահախնդրութիւններով եւ գործնապաշտութեամբ: Օտարախօսութիւնը եւ օտարագրութիւնը կը մտնեն հայ եկեղեցիները, մոռնալով որ ազգ, ազգի նկարագիր, ինքնութիւն պահող լեզու պահուեցան եկեղեցիով:
Ազգային որակի այս աւերով չենք ուզեր զբաղիլ, որպէս իմաստութիւն հրապարակ նետելով ապազգայնացնող եւ անհեռանկար «չիմաստութիւններ»: Կը լսենք, որ այդ հարցերով զբաղելու ժամանակը կու գայ, այժմ աւելի կարեւոր եւ անմիջական հարցեր կան, յառաջդիմութեան հետ քայլ պէտք է պահել, հարազատութեան վերականգնումի պարագային երիտասարդութիւնը չի հասկնար, ժողովուրդը անգրագէտ կը դառնայ, բազմիցս յայտարարուած էր որ հարկ է փրկել հողակտորը, կամ մենք համաշխարհային ազգ ենք… Թէ ի՞նչ բան է համաշխարհային ազգը, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ի վեր կը փնտռեմ եւ չեմ գտներ: Այս բոլոր անհեթեթութիւնները եւ աւերները արգելք չեն դէպի Երեւան զբօսաշրջային եւ, «էսթէպլըշընթ»ային երթեւեկին, հոգեպարար յայտարարութիւններու, զորս կրկնել յոգնեցուցիչ է…:
Յոյսի նշոյլներ կան, եթէ տեսնողներ եւ լսողներ ըլլան, մարդիկ՝ որոնք կը խօսին ազգային ռազմավարութեան եւ ազգային գաղափարախօսութեան մասին, վերդասակարգային եւ վերկուսակցական դիրքերէ մեկնելով, կը պահանջեն խայտառակ եւ մեզ իրաւազրկած դաշնագրերու վերանայումը, հողակտորի քաղաքականութեան կը հակադրեն միջազգային յանձնառութիւն հանդիսացող Սեւրի Դաշնագիրը, կը պահանջեն դեկրետով պարտադրուած սովետական ուղղագրութեան վերացումը, լեզուի զտումը… Թմբիրէ արթնցողներ կան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որոնք պետական կարգով կÿուզեն վաճառատուներու մէջ օտարալեզու ստացականները փոխարինել… հայերէնով: Ինչ որ մինչեւ այսօր չէին համարձակած կամ ուզած ընել Ակադեմիան կամ Լեզուի Պետական Վարչութիւնը, կը պարտադրէ հարկային իշխանութիւնը… Քայլ մը, որ կը թելադրէ այն միտքը, որ առանց լեզուի անկախութեան չկայ քաղաքական անկախութիւն: Ինչպէս որ չկայ ազգային գաղափարախօսութիւն առանց ազգային լեզուի: Այս յստակացումը այսօրուան եւ վաղուան համար էական նշանակութիւն ունի Սփիւռքի օտարամէտ եւ օտարումի թեքող էսթէպլիշմընթը լիարժէք կերպով գնահատելու համար:
Սփիւռքը, իր կարգին, հակառակ հասկնալի համարուող ամէն կարգի դժուարութիւններու, որոնք օտարումը պաշտպանող պատճառ-պատրուակներ են, վերդասակարգային եւ վերկուսակցական իմաստութեան հետեւելով վերհամայնքային յանդգնութեամբ եթէ հայերէնը չվերականգնէ Քամչաթքայէն մինչեւ Նոր Զելանտա, ազգային հաւաքականութիւնը ինքզինք կը դատապարտէ անխուսափելի կորուստի. տեսակ մը հարաքիրի, բայց երջանիկ ձեւով, սպառողական ընկերութեան բարիքներու ծովուն մէջ: Եթէ մշակութային յեղափոխութիւն մը տեղի չունենայ, հրաշքով ծնունդ չառնէ անկումները տնտեսող օտարումի զառիթափին վրայ գտնուող «էսթէպլիշմընթ»ը չփոխարինուի ազգային ամբողջական հեռանկար ունեցող նոր դէմքերով. ազգի աւելի քան կէս Սփիւռքի մասին, ոչ շատ հեռու ապագային, պիտի խօսուի անցեալով. ոչ դատող պիտի ըլլայ եւ ոչ դատուող:
Այս էական խնդիրները ո՞ւր օրակարգ պիտի ըլլան, բան չնշանակող կարգախօսները մոռնալով, տեսակաւոր զբօսաշրջիկները զուարճացնող տեսակաւոր փառատօնները երբեմն փակագիծի մէջ դնելով: