ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային 6րդ փառատօնի ծիրէն ներս իրականացող «Բեմադրիչներ առանց սահմանների» ծրագիրը ամփոփուած է Յուլիս 16ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ, ուր տարբեր երկիրներէ ժամանած երիտասարդ բեմադրիչներ, եւրոպական «կինոֆոնտ»երու ներկայացուցիչներուն ներկայութեամբ, պաշտպանեցին իրենց ներկայացուցած նախագիծերը։ Նշենք, որ «Բեմադրիչներ առանց աահմանների» եւ Հայաստան-Թուրքիա «կինոփլաթֆորմ» բաժիններուն մէջ ներկայացուած է աւելի քան 40 նախագիծ:
«Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի գեղարուեստական ծրագիրներու ղեկավար Սուսաննա Յարութիւնեանի համաձայն, համաժողովի կատարման ձեւը փոխելու եւ ընտրուած նախագիծերու զարգացման հարցին վրայ կեդրոնանալու հիմնական պատճառը այն է, որ նախագիծերուն մեծ մասը ներկայացուած է երիտասարդ արտադրողներու եւ բեմադրիչներու կողմէ:
Ամփոփելով նախագիծերուն պաշտպանութեան արդիւնքները՝ Ս. Յարութիւնեան նշած է, որ այս ձեռնարկը կարեւոր է յատկապէս մասնագէտներէն նորութիւններ սորվելու առումով: