ԵՐԵՒԱՆ.- «Ոսկէ Ծիրան» երեւանեան միջազգային փառատօնին ծիրէն ներս, Հայաստանի սփիւռքի նախարարը Յուլիս 15ին կազմակերպած է ընդունելութիւն, որուն ընթացքին փառատօնի կազմակերպիչները, շարժանկար արտադրողները, բեմադրիչներն ու շարժանկարի գործիչները իրենց տեսակէտներն ու մասնագիտական կարծիքները յայտնած են արդէն իսկ ցուցադրուած շարժանկարներուն մասին, ըստ որոնց «Ոսկէ Ծիրան»ը տարուէ տարի կը դառնայ աւելի ներկայացուցչական եւ կ՛ընդլայնէ իր հեղինակութեան սահմանները:
Այս տարի, 6րդ փառատօնի մրցանակներու շարքին մէջ, իր պատուաւոր տեղը ունեցած է սփիւռքի նախարարութեան սահմանած «Սփիւռքահայ ռեժիսորի լաւագոյն ֆիլմ»ի մրցանակը:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ջերմօրէն ողջունած է փառատօնի կազմակերպիչները, մասնակիցներն ու հիւրերը՝ յոյս յայտնելով, որ սփիւռքի նախարարութեան սահմանած յատուկ մրցանակը պիտի գտնէ իր հասցէատէրը այն ժամանակ, երբ հնարաւոր պիտի ըլլայ ամբողջական գնահատական տալ տուեալ շարժանկարի թէ՛ գաղափարական եւ թէ՛ գեղարուեստական կողմին: