ՄԻՒՆԻԽ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ առաջին փոխվարչապետ Վիքթոր Զուպքով Չորեքշաբթի, Յուլիս 15ին յայտարարեց, թէ Ռուսիա իր ուժանիւթի նախագիծերուն համար լուրջ մրցակից չի նկատեր «Նապուքօ» կազատարը, որուն կառուցման նախաքայլը առնուեցաւ այս շաբթուան ընթացքին ստորագրուած համաձայնագիրով:
Յայտնենք, թէ Ռուսիա առաջ կը մղէ կազատարի երկու ծրագիրներ, շրջանի բնական կազը Եւրոպա հասցնելու նպատակով:
Թուրքիոյ, Աւստրիոյ եւ Հունգարիոյ կառավարութիւններու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ Պուլկարիոյ եւ Ռումանիոյ ուժանիւթի ընկերութիւններու ղեկավարները Յուլիս 13ին ստորագրեցին 7.9 միլիառ տոլար արժող ծրագրին նախագիծը: Կազատարի կառուցումը հաւանաբար 2010ին սկսի, իսկ անորմով կազի մատակարարումը՝ 2014ին: