ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի ընդդիմութեան ղեկավար Միրհոսէյն Մուսաւի իր կայքէջին վրայ զետեղուած պաշտօնական յայտարարութեամբ մը յայտնեց, որ անցեալ ամսուան նախագահական ընտրութեանց յաջորդող ժամանակաշրջանին ստեղծուած լարուծութիւններէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով է, որ հրապարակ գալով պիտի մասնակցի Ուրբաթ, Յուլիս 17ին, Թեհրանի համալսարանի մէջ կայանալիք աղօթքին։
Մուսաւիի յայտարարութիւնը հաստատեց շաբթուան սկիզբը լրատուամիջոցներուն հաղոդրած այն լուրը, թէ ան ներկայ պիտի գտնուի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի մրցակից նախկին նախագահ Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանճանիի ղեկավարութեամբ կայանալիք աղօթքին։
Մուսաւի իր յայտարարութեան մէջ յայտնեց. «Նկատի ունենալով, որ ազատ եւ պատուաւոր կեանքի օրինական իրաւունքներու պաշտպանութեան ճամբուն վրայ համակիրներուն եւ հետեւորդներուն հրաւէրը պարտաւորիչ կը նկատեմ, Ուրբաթ օր, ձեր կողքին ներկայ պիտի գտնուիմ»։ Իրանի մէջ Ուրբաթ օրուան աղօթքները ձայնասփիւռի ճամբով ուղակիօրէն կը սփռուին աշխարհի տարածքին։