ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռուս քաղաքական վերլուծաբան Սերկէյ Միխիեւ յայտնած է, որ «Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն հանդիպումին ընթացքին յառաջդիմութիւն պիտի չարձանագրուի, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը անել կացութեան մատնուած է»։ Ան ըսած է, որ «Կողմերը մեծապէս տարբեր կեցուածքներ որդեգրած են եւ չեմ կարծեր, որ աշխարհի մէջ կայ միջնորդ մը, որ այս կացութիւնը կրնայ փոխել»։
Միխիեւ աւելցուցած է, որ «Դժբախտաբար ոչ Ռուսիա, ոչ Ամերիկա, ոչ Եւրոպական միութիւնը, ոչ ալ ՄԱԿը կարող են տագնապին էութիւնը փոխել։ Կը կարծեմ, որ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին ժխտական զարգացումներ կանխարգիլելու համար։ Կողմերը Մոսկուայի մէջ դարձեալ խաղաղ լուծման մը հանդէպ իրենց յանձնառութիւնը պիտի յայտնեն, սակայն միւս կողմէ՝ յառաջդիմութիւն պիտի չըլլայ»։