ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Երէկ՝ Յուլիս 15ին, Երեւանի «Ուրբաթ» ակումբին մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան հրաւիրեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հրապարակեց Գերագոյն մարմինին յայտարարութիւնը. (Տես՝ «ՕՐԸ ՕՐԻՆ» սիւնակը):
Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Ռուստամեան, որ Ազգային ժողովի արտաքին յարտաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահն է, յայտնեց, թէ այդ կարելիութիւնը միշտ պէտք է մնայ Հայաստանի քաղաքականութեան զինանոցին մէջ:
Ըստ Ռուստամեանի, Դաշնակցութիւնը կարեւոր կը նկատէ, որ այս հանգրուանին Հայաստան դառնայ Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւորը: «Մենք անհրաժեշտ ենք համարում Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ ռազմաքաղաքական դաշինքի կնքումը, որով, ի լուր աշխարհի, Հայաստանը կը դառնայ Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւորը. դա շատ լուրջ քայլ կը լինի», յայտնեց Ռուստամեան:
Ասուլիսի ընթացքին, Ռուստամեան լրագրողներուն ներկայացուց Հայաստանի մօտ ԱՄՆի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն յանձնուելու պատրաստ նամակին բովանդակութիւնը:
Ան նշեց, որ «Կասպիան Էրլայնզ»ի աղիտալի պատահարին պատճառաւ, Հինգշաբթի օր նախատեսուած բողոքի ցոյցը՝ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին դիմաց, յետաձգուած է, սակայն աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի համանախագահ երկիրներու դեսպանատուներուն պիտի ներկայացուին մատրիտեան սկզբունքներու վերաբերեալ հայ ժողովուրդին անհամաձայնութեան մասին նամակներ:
Սոյն նամակին մէջ կ՛ըսուի. ««Մեծ Ութնեակ»ի գագաթնաժողովից յետոյ, եւ Հայաստանի ու Ադրբեջանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի ու Իլհամ Ալիեւի՝ Մոսկուայում Յուլիսի 17ին նախատեսուող հանդիպման նախօրէին, մենք դիմում ենք ձեզ՝ յայտնելով համայն հայութեան խորին հիասթափութիւնը Մինսկի խմբի համանախագահ երկրներին՝ Հայաստանի վրայ չարդարացուած եւ անհիմն ճնշման կապակցութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցում միակողմանի եւ վտանգաւոր զիջումներ պարտադրելու նպատակով: Այդ զիջումները կը վտանգեն Հայաստանի, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան եւ հայ ժողովրդի անվտանգութիւնը, կը մեծացնեն ադրբեջանական նոր ագրեսիայի հնարաւորութիւնը եւ կը վնասեն այդ հակամարտութեան իրական կողմերի կարողութեանը, հասնելու իսկապէս երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութեան»:
Նշենք, որ Հինգշաբթի օր, ՀՅԴ երեք պատուիրակութիւններ այցելեցին Մինսկի համանախագահող երկիրներու՝ ԱՄՆի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի՝ Երեւանի դեսպանատուները եւ փոխանցեցին վերոնշեալ բովանդակութեամբ նամակները:
Այն հարցումին, թէ՝ նկատի առնելով այն իրողութիւնը, որ վերջին հաշիւով, արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուն նախագահն, է այլ ոչ արտաքին գործոց նախարարը, Դաշնակցութիւնը ինչո՞ւ չի պահանջեր անոր հրաժարականը, Ռուստամեան պատասխանեց. «Մենք չենք ուզում խափանել աշխատանքներն ընդհանրապէս, այլ մեր նպատակը բխում է իրավիճակի մէջ կտրուկ փոփոխութիւններ մտցնելու անհրաժեշտութիւնից, եւ մենք նաեւ սրանով հնարաւորութիւն ենք ուզում տալ նախագահին, որպէսզի նա այդ փոփոխութիւններն իրականացնի: Նախագահը դեռ ունի հնարաւորութիւն իրավիճակի մէջ կտրուկ բէկում մտցնելու համար, եւ ամենակարեւորը՝ չստորագրելու այն փաստաթուղթը, որ այսօր առաջարկւում է, ինչը, մեր խորին համոզմամբ, անտեսում է ԼՂ ժողովրդի արդէն իսկ արտայայտած կամքը: Ուստի այս պահին, իրավիճակի մէջ փոփոխութիւն մտցնելու համար նախարարի հրաժարականը պահանջելու քայլը մենք նպատակայարմար եւ ճիշդ ենք համարում: Բնականաբար, մենք ուշադիր հետեւելու ենք, որ այս փաստաթուղթը չստորագրուի: Եթէ յանկարծ նման փաստաթուղթ ստորագրուի, բնականաբար, մեր հաստատումները արդէն կը փոխեն իրենց բնոյթը եւ մեր պայքարը կ՛ընդունի բոլորովին այլ բնոյթ եւ եղանակներ»:
Իսկ եթէ ստորագրուեցաւ որեւէ փաստաթուղթ, ի՞նչ պիտի ըլլան Դաշնակցութեան հետագայ քայլերը, հարցումին ի պատասխան՝ «Սա այն հարցն է, որի վերաբերեալ Դաշնակցութիւնը երկատուած ձեւակերպումներով հանդէս չի եկել: Մենք ունենք սկզբունքային դիրքորոշումներ: Ո՛վ էլ լինի օրուայ գործող նախագահը, մենք նման քաղաքականութեանը դէմ ենք լինելու եւ դէմ ենք լինելու բոլոր հնարաւոր միջոցներով: Բոլոր հնարաւոր միջոցներ ասելով՝ ես նկատի ունեմ քաղաքակիրթ բոլոր միջոցները, եւ այդ ուղղութեամբ արդէն նախապատրաստական աշխատանքներ տանում ենք», եղաւ Ա. Ռուստամեանի արտայայտութիւնը:
Ասուլիսի ընթացքին, Ռուստամեան յայտարարեց նաեւ, որ Թուրք-ատրպեճանական ճակատին դէմ պայքարելու համար, Դաշնակցութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ քաղաքական միասնական ճակատի առկայութիւնը: Ան նաեւ նշեց, որ ղարաբաղեան հարցի կապակցութեամբ ստեղծուած իրավիճակին դէմ պայքարելու համար, Դաշնակցութիւնը պատրաստ է համագործակցելու Հայաստանի բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ: