ԵՐԵՒԱՆ.- Յուլիս 16ին տեղի ունեցած է Հայաստանի կառավարութեան նիստը, զոր վարած է ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը: Նախքան նիստին սկսիլը, կառավարութեան անդամները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Յուլիս 15ին Թեհրան-Երեւան թռիչքը իրականացնող ուղեւորատար օդանաւի արկածով զոհուածներուն յիշատակը:
Այնուհետեւ վարչապետի յանձնարարութեամբ, արկածին ծիրէն ներս, ստեղծուած միջգերատեսչական յանձնաժողովին կողմէ կառավարութեան տեղեկութիւն տրուած է աղէտին զոհուածներու որոնման աշխատանքին ընթացքին, զոհուածներու հարազատներուն՝ դէպքի վայր մեկնելուն, զոհուածներու աճիւններուն տեղափոխման եւ այդ առնչութեամբ այլ հարցերու լուծման ուղղութեամբ իրականացուող միջոցառումներուն մասին:
Կառավարութիւնը իր երէկուան նիստին որոշած է մէկուկէս միլիոն դրամ յատկացնել իւրաքանչիւր աղէտեալի ընտանիքի՝ իբրեւ օժանդակութիւն անոնց թաղման ծախսերուն:
Յիշեցնենք, որ Յուլիս 15ին, ջախջախուած էր Թեհրանէն Երեւան թռչող «Կասպեան» օդանաւային ընկերութեան օդանաւը, որուն մէջ էին 153 ուղեւորներ եւ աշխատակազմի 16 անդամներ։
Արկածի պատճառներուն մասին պաշտօնական տեղեկատուութիւն չկայ տակաւին: Ամենահաւանական վարկածը շարժիչի հրդեհուիլն է: Երէկ, վթարի վայրը գացած մասնագէտներ, օդանաւի բեկորներուն տակէն երեւան հանած են սեւ արկղները:
Հայաստանի քաղաքացի զոհուած ուղեւորներուն հարազատները Յուլիս 16ին Երեւանէն մեկնած են Թեհրան եւ տեղի Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի գլխաւորութեամբ, ինչպէս նաեւ ազգային իշխանութեան եւ մարմիններու ներկայացուցիչներու ուղեկցութեամբ, մեկնած են արկածին վայրը։
Այս կապակցութեամբ, իրանահայ թեմերուն երեք առաջնորդներն ու ազգային իշխանութիւնները, Իրանի երեք թեմերուն մէջ յայտարարած են եռօրեայ սուգ եւ յայտնած, որ յառաջիկայ Կիրակի, 19 Յուլիսի առաւօտեան, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն պիտի կատարուի արկածահար զոհերու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի կատարուի նաեւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, Յուլիս 18ին, հանդիսապետութեամբ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի, որ Յուլիս 16ին ցաւակցական ուղերձ յղեց Իրանի երեք թեմերուն։
Հայաստանի եւ Իրանի նախագահներուն ցաւակցական գիր յղած է նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսը։ Ան ցաւակցական գիրեր յղած է նաեւ իրանահայ երեք թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն՝ թելադրելով, որ իր հայրական սէրն ու մխիթարութիւնը փոխանցեն տխուր արկածին զոհ գացած հայորդիներու ընտանիքներուն:
Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, երէկ՝ Յուլիս 15ին, Արամ կաթողիկոս հոգեհանգիստ կատարած է՝ ի յիշատակ արկածի զոհերուն:
Արկածի պատճառները ուսումնասիրելու համար կազմուած է աշխատանքային խումբ, որուն մէջ ընդգրկուած է Հայաստանի օդանաւային վարչութեան անվտանգութեան գլխաւոր մասնագէտ Արմէն Սիմոնեան: Խումբը պիտի զբաղի նաեւ յայտնաբերուած երկու «սեւ արկղեր»ու վերծանման աշխատանքներով: