ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ Մէթիու Պրայզա քննարկած են ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքն ու հայ-թրքական յարաբերութիւնները:
Ամերիկացի միջնորդը «Սթար» պարբերականին ըսած է, որ Թուրքիոյ նախագահը հանդիպման ժամանակ ղարաբաղեան հակամարտութեան շուտափոյթ կարգաւորման յոյս յայտնած է: Անդրադառնալով Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններուն՝ Կիւլ ըսած է, որ հայ-թրքական եւ հայ-ատրպեճանական քննարկումները զուգահեռ գործընթացներ են, որոնք իրարու վրայ մեծ ազդեցութիւն ունին:
«Մենք մօտեցած ենք Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի եզրագծին եւ խնդրի կարգաւորմանը», հանդիպման աւարտին յայտնած է Պրայզա:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.