ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- IBF վարկածով թեթեւագոյն կշիռքի մէջ աշխարհի ախոյեան Ճոզէֆ Ակպեքոն, Յուլիս 11ին տօնած է իր յաղթանակը Վիգ Դարչինեանի դէմ՝ մրցավարներու միաձայն (114-113, 114-113, 116-11) որոշումով:
Ասիկա Դարչինեանի համար առաջին մենամարտն էր թեթեւագոյն կարգին մէջ: Ան Ա. թեթեւագոյն կարգի երեք տիտղոսներու յաղթող է։