ԹՈՐՈՆԹՕ.- Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ, քանատաբնակ հայազգի Եուսուֆ Քարշի ծննդեան 100ամեակի տօնակատարութիւնները Քանատայի մէջ սկիզբ առած էին անցեալ տարի եւ ներկայիս տակաւին կը շարունակուին։ Արդարեւ, 12 Յունիսին Քանատայի Գիտութեան ու թէքնիքագիտութեան թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Քարշ՝ կերպար ստեղծողը» խորագիրով ցուցահանդէսին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ 13 Սեպտեմբեր։ Այս ժամանակամիջոցին, Գրադարաններու եւ արխիւներու վարչութեան «Դիմանկարներու պատկերասրահ» ծրագիրին ծիրէն ներս, պիտի կայանայ նաեւ Քարշին նուիրուած լայնածաւալ փառատօն մը։ Նաեւ պիտի կազմակերպուի «Քարշի հետքերով» քայլարշաւ մը, որուն գլխաւոր 11 վայրերը ինչ որ ձեւով մը կ՛առնչուին տաղանդաշատ լուսանկարիչի կեանքին։
Յովսէփ )Եուսուֆ) Քարշ առասպելական լուսանկարիչ դարձաւ 1940-1950ականներուն Քանատայի մէջ եւ համաշխարհային համբաւի տիրացաւ զանազան երկիրներու առաջնորդներու եւ անուանի անձերու պատկանող իր անզուգական դիմանկարներով։
Այդ անձանց կարգին ամէնէն յատկանշականը Չըրչըլի՝ առանց ծխամորճի, զայրացած դիմանկարն է։ Դիմանկարներու անոր արխիւը )մօտաւորապէս 350 հազար նմոյշ) կը պահուի Քանատայի գրադարաններու ու արխիւներու վարչութենէն ներս։ Իսկ անոր անձնական-մասնագիտական իրերէն մաս մը պահ դրուած են Քանատայի Գիտութեան ու թէքնիքագիտութեան թանգարանին մէջ։
Քանատայի Գրադարաններու ու արխիւներու վարչութեան ընդհանուր տնօրէն Լիլի Կոլտուինի կարծիքով, գանատացիներ մեծ հպարտութիւն կը զգան Քարշի նուաճումներուն համար։ «Անոր արուեստը բիւրեղացուցած է թէ՛ մեր ձգտումները եւ թէ՛ մեր մարդկայնութիւնը», նշած է տնօրէնը։