Արա Սարաֆեան Ցեղասպանութեան Մասին Խօսելու Չափ Կարեւոր կը Նկատէ Մշակութային Յուշարձաններու Պաշտպանութիւնը:
«Թարաֆ» թերթի աշխատակից Օրհան Միրօղլու երէկ (Երեքշաբթի, 7 Յուլիսին-Խմբ.) ամբողջ էջի վրայ տեսակցութիւն մը ունէր Լոնտոնէն պատմաբան Արա Սարաֆեանի ու Լորտերու պալատի ներկայացուցիչ՝ լորտ Էյվպըրիի հետ, որոնք Անգարա եկած էին ծանօթացնելու համար «Կապոյտ Գիրք»ի թրքերէն նոր տպագրութիւնը։ Ինչպէս գրուեցաւ արդէն, այդ գիրքէն մէկ-մէկ օրինակ պիտի բաշխուէր Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի երեսփոխաններուն, որպէսզի անկէ վերջ բացուի նոր երկխօսութեան ճամբայ մը։ Բայց ինչպէս յայտնի կը դառնայ հրատարակուած հարցազրոյցէն, գիրքերը տակաւին չեն բաշխուած երեսփոխաններուն։ Որոշ ձեւակերպութիւններու լրումին կը սպասուի, որպէսզի գիրքերը բաշխուին երեսփոխաններուն։
Հարցազրոյցի ընթացքին նոյն հարցումներուն ընդհանրապէս կը պատասխանեն երկուքը՝ անջատ-անջատ յայտնելով իրենց կարծիքները։ Տողերուն ընդմէջէն շատ կարեւոր բաներ ալ կ՛ըսուին այս հարցազրոյցին ընթացքին, որ հայկական ողբերգութեան առնչութեամբ այնքա՛ն կարեւոր գիրքի մը մասին կը խօսի։
– Երբ այսքան շատ հրատարակութիւն կայ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, ինչո՞ւ խորհրդարանը առարկութիւն ըրաւ «Կապոյտ Գիրք»ի առնչութեամբ։ Ո՞ւր է «Կապոյտ Գիրք»ին կարեւորութիւնը։
Լորտ Էյվպըրիի պատասխանը այն է, որ «Կապոյտ Գիրք»ին կարեւորութիւնը արդէն ճիշդ այս կէտին վրայ է՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի առարկութեան արժանացած ըլլալը։
Իսկ Արա Սարաֆեան դիտել կու տայ, որ այս նիւթին շուրջ կարեւոր աղբիւրները Թուրքիայէն դուրս գտնուողներն են, որովհետեւ թուրքերը շատ դիւրութեամբ կրնան մաքրագործում ըրած ըլլալ թրքական արխիւներու մէջ, մինչդեռ չեն կրնար նոյնը ընել Թուրքիայէն դուրս գտնուող աղբիւրներուն վրայ։ Այս պատճառով է, որ հետազօտիչները իրենց աշխատանքը կը կեդրոնացնեն Թուրքիայէն դուրս արխիւներու վրայ։
Արա Սարաֆեան դիտել կու տայ նաեւ, որ եթէ թուրք երեսփոխաններ «Կապոյտ Գիրք»ին շուրջ իսկ չեն կրնար բանավիճիլ, ապա ինչպէ՞ս պիտի բանավիճին աւելի խորունկ եւ լայն խնդիրներուն շուրջ։ Խիստ կարեւոր է, որ բացուին Թուրքիոյ մէջ գրեթէ բոլոր արխիւները, բայց պայմանաւ, որ պատմաբանները իրե՛նք ընտրեն իրենց ուսումնասիրելիք փաստաթուղթերը։
Լորտ Էյվպըրի 1990ական թուականներուն քանի մը անգամ Թուրքիա եկեր է, սակայն իր գրածներուն հետեւանքով շատ գէշ վերաբերումի արժանացեր է Թուրքիոյ մէջ, բայց հիմա նոյն նիւթով կու գայ, ահաւասիկ, եւ ասիկա ցոյց կու տայ, թէ շատ բան փոխուած է Թուրքիոյ մէջ։
Իսկ Արա Սարաֆեան կը խօսի պատկանելիութեան մասին։ Ան Լոնտոնի մէջ բնակելով հանդերձ, ինքզինք կը զգայ թուրքիացի, որովհետեւ իր մեծ մայրը, իր մեծ հայրը իրեն փոխանցած են այնպիսի ինքնութիւն մը, որ ձեւաւորուած է հազարաւոր տարի այս հողերուն վրայ ապրած մարդոց կողմէ։ Թուրքերէն առաջ յոյներ կային, միւսները կային, այլ խօսքով՝ թուրք կառավարութիւնը, ընդունի կամ ոչ, ան ինքզինք այստեղացի կը զգայ։
Լորտ Էյվպըրի կը յիշեցնէ, թէ շատ հետաքրքրական է այն, որ հայկական նիւթին մասին հետազօտողները բնաւ չեն հետաքրքրուած, թէ ինչո՞ւ պատահած են թուրքերու եւ հայերու միջեւ այս բախումները, մինչդեռ այս պատճառները շատ լաւ պէտք է ուսումնասիրուին, որովհետեւ եթէ աղէտներու շղթան լաւ ճանչնանք, կրնանք կանխել անոնց ապագայ կրկնութիւնները։ Գերմանները երես առ երեսի եկան իրենց պատմութեան հետ, բայց այդ բանը ընելու ընթացքին, ընդունեցին իրենց յանցանքները եւ ամբողջ աշխարհին փաստեցին, որ սխալ է պնդել, թէ՝ բոլոր գերմանացիները սատանայ են։ Հիմա նմանօրինակ գործընթաց մը պէտք է Թուրքիոյ համար։
Ուրիշ կարեւոր կէտ մըն ալ այն է, ինչպէս կ՛ըսէ Արա Սարաֆեան, որ պէտք է պաշտպանուին ուրիշներէ մնացած մշակութային ժառանգութիւնները։ Մնացած յուշարձանները պաշտպանելու խնդիրին մասին խօսիլն ալ այնքա՛ն կարեւոր է, որքան կարեւոր է խօսիլ Ցեղասպանութեան մասին։ Վանի Աղթամար եկեղեցիէն 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ երեք եկեղեցիներ եւս կան, բայց ասոնք փլուզումի վտանգի հետ դէմ յանդիման կը գտնուին։
Հարցազրոյցի կարեւոր կէտերէն մէկն ալ թուրք մտաւորականներու հայերէն ներողութիւն խնդրելու արշաւն էր։ Պնդողներ եղան, թէ՝ կառավարութիւնը ասիկա կրնայ իբր գործիք ծառայեցնել արտասահմանի մէջ իրեն ի նպաստ քարոզչութեան համար։ Իսկ Արա Սարաֆեան ի՞նչ կը մտածէ այս մասին։
Արա Սարաֆեանն ալ հաւանական կը նկատէ այս կէտը։ Ըստ անոր, թուրք կառավարութիւնը կրնայ իբր քարոզչութեան նիւթ գործածել ներողութիւն խնդրելու արշաւը։ Կառավարութեան միւս անդամները մինչեւ իսկ կրնան կողմնակից չըլլալ ներողութիւն խնդրելու արշաւի մը։ Բայց ասիկա կարեւոր չէ։ Ներողութիւն խնդրելու արշաւը այս նիւթին շուրջ բանավէճ մը բանալ էր։ Եւ այդ բանավէճին բացուած ըլլալն է, որ կարեւոր է։ Հիմա մեր այս մամլոյ ասուլիսն ալ կառավարութեան կողմէ կրնայ գործածուիլ. կառավարութիւնը կրնայ դուրսիններուն ըսել, թէ ահաւասիկ Արա Սարաֆեան եւ լորտ Էյվպըրի Անգարա եկան ու մամլոյ ասուլիս իսկ կազմակերպեցին, եւ որեւէ հարց չծագեցաւ։ Եւ կառավարութիւնը ասիկա կրնայ գործածել ժխտական ուղղութեամբ։ Բայց մեր նպատակը շարունակել է, հոգ չէ թէ կարգ մը ընդդիմադիրներ՝ իրենց ձեռքին մէջ մէկ-մէկ գիրք, եկան ու առարկութիւններ ըրին։ Կարեւորը ասոնց հետ դէմ դիմաց գալն ու իրարու հետ խօսիլն է։