Յառաջիկայ Յուլիս 12-16ին, Ֆրեզնոյի մէջ տեղի պիտի ունենայ Ս. գրային դպրոցը՝ 112րդ տարին ըլլալով: Նախամանկապարտէզէն մինչեւ վեցերորդ դասարանի յատուկ դասընթացքները այս տարի նուիրուած են Նոր կտակարանին:
Հանդիպումները տեղի պիտի ունենան երեկոները, ժամը 6:30-8:40, Հայկական առաջին «Փրէսպիթէրիըն» եկեղեցիին մէջ (430 S. 1st Street): Արձանագրութիւնը ձրի է, իսկ յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել Արփի Քելէճեանին՝ 431-5594, կամ Նայիրի Քարքազեանին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.