ՄՈՍԿՈՒԱ, «ԱրմՌատիօ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասի, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով աւագ տեղակալ Ուիլեըմ Պեռընսի հետ քննարկած է Վրաստանի իրավիճակը, Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարները եւ ԱՊՀ երկիրներուն հետ Ռուսիոյ եւ Ամերիկայի երկկողմանի յարաբերութիւնները։ Այս մասին տեղեկացուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Հանդիպման մանրամասնութիւնները չեն հաղորդուած: ԱՄՆ նախագահի Ռուսիա տուած այցելութեան ծիրէն ներս, Քարասին Երեքշաբթի ընդունած է Պեռընսը: Պարաք Օպաման Մոսկուայէն իր ռուս պաշտօնակից Տմիթրի Մետւետեւի հետ մեկնած է Իտալիա՝ մասնակցելու համար «Մեծ ութեակ»ի գագաթնաժողովին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.