ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արմէն Յարութիւնեանը Յուլիս 8ին հանդիպած է Գերմանիոյ դաշնային կառավարութեան մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական աջակցութեան գծով գլխաւոր յանձնակատար Գիւնտեր Նուկէին եւ Հայաստանի մէջ ԳԴՀ դեսպանիպաշտօնակատար Մելանի Մոլթմաննին:
Ըստ ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի
տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնին տուած տեղեկութեան, հանդիպման ընթացքին Պաշտպանը ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առնչուող ներկայ իրավիճակը, բարելաւման հնարաւորութիւնները, ՄԻՊ ազգային հիմնարկի ամրապնդման եւ հզօրացման խնդիրները, համագործակցութիւնը միջազգային կառոյցներու եւ հաստատութիւններու հետ:
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ երկու կառոյցներուն միջեւ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները: